Պէյրութի  մէջ կամաւորներ Պէյրութի մէջ կամաւորներ 

«Պայթումէն ետք Պէյրութի նաւահանգիստը ցարդ կրցած է ընդունիլ 51 հազար թոն տարբեր տեսակի արտադրութիւններ» շեշտեց Քայսի

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ գտնուող դպրոցները, որոնք վնասներ կրած են, քանի մը օր ետք պիտի սկսին վերանորոգուիլ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները կը շարունակեն մնալ տիրական:

Պայթումին գործած աւերները հաւաքելու աշխատանքը կը շարունակուի, մարդասիրական օժանդակութիւնները աղէտի գօտիին մէջ ապրող քաղաքացիներուն հասցնելու առաքելութիւնը կը մնայ ընթացքի մէջ, հակառակ անոր որ մեծ թիւով քաղաքացիներ կը մնան անօթեւան` իրենց բնակարաններուն լրիւ քանդուած ըլլալուն պատճառով:

Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ հարցաքննեց Մաքսատան նախկին ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհին եւ անոր դէմ բերման գիր հրապարակեց:

Սուուան հարցաքննեց նաեւ 21 այլ ձերբակալեալներ:

Հետաքննութեան կողքին որոնողական աշխատանքներն ու քրէական փաստահաւաքներուն աշխատանքները շարունակուեցան:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով անյայտ կորսուած քաղաքացիներուն փնտռտուքը տակաւին ընթացքի մէջ է:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենք զիրենք կը դնեն պայթումին պատճառով իրենց ինքնաշարժներն ու փոխադրամիջոցները կորսնցուցած քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել անոնց փոխադրութիւնը:

Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի տնօրինման եւ յանձանձումի վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Պասեմ Քայսի երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն բանակին բոլոր կարողութիւնները զետեղած է նաւահանգիստին տրամադրութեան տակ` առանց սահմանափակումի:

Քայսի շեշտեց, որ բանակը նաւահանգիստի վնասներու գնահատումը կատարած է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին անոր մատուցած բոլոր ծառայութիւններուն համար:

Ան աւելցուց, որ բանակը մաքրած է թիւ 3, թիւ 11, թիւ 12, թիւ 13, թիւ 14 եւ թիւ 15 նաւերու կայանման վայրերը, ուր կարելի եղաւ ընդունիլ ցորեն եւ այլ արտադրութիւններ փոխադրող նաւեր:

Քայսի շեշտեց, որ պայթումէն ետք Պէյրութի նաւահանգիստը ցարդ կրցած է ընդունիլ 51 հազար թոն տարբեր տեսակի արտադրութիւններ, ինչ որ շշմեցուցած է միջազգային հասարակութիւնը:

«Այս բոլորը կարելի եղաւ կատարել լիբանանեան բանակին շնորհիւ», հաստատեց Քայսի:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ գտնուող դպրոցները, որոնք վնասներ կրած են, քանի մը օր ետք պիտի սկսին վերանորոգուիլ:

Նշենք, որ տարբեր պետութիւններ իրենց կարգին կը շարունակեն օժանդակութիւններ առաքել Լիբանանին, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնել անոր:

Այս շրջագիծին մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ վերահաստատեց, որ Եգիպտոս նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք շրջանցեն Պէյրութի նաւահանգիստին պատճառած պայթումին հետեւանքները:

Պահրէյնի խորհրդարանի նախագահ Ալի պըն Սալեհ Սալեհ իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին:

Քաղուած «Ազդակ» էն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2020, 09:48