Պէյրութի մէջ պայլթումի աւերները Պէյրութի մէջ պայլթումի աւերները 

Լիբանան սովի վտանգին առջեւ.Wall Street Journal-ի ահազանգը

Մօտաւորապէս 1.6 միլիոն մարդ կարիքն ունի սննդեղէնի ու գիւղատնտեսական օժանդակութեան:

Պէյրութի մէջ 4 Օգոստոսին տեղի ունեցած աղիտալի պայթումը, ոչ միայն խլած է 150-էն աւելի զոհեր ու անօթեւան թողած հազարաւոր ընտանիքներ, այլ նաեւ քանդած է հացահատիկներու շտեմարանները, ուր կ'ամբարուի երկրի ցորենի պահեստը, նաեւ մեծ վնասներ հասցուցած Պէյրութի նաւահանգիստին, ուրկէ մուտք կը գործէ երկրի սննդամթերքի 85%-ը:

Ունկնդրէ լուրը

«Այս տեսակի աւերը կը խորացնէ Լիբանանի տնտեսական դանդաղումը եւ աւելի թափ կու տայ երկրի մէջ անգործութեան աճին, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ, որ լիբանանեան թղթոսկին (լիրա) կորսնցնէ իր արժէքի 80%-ը: Այս մասին զգուշացուցած է Ամերիկեան The Wall Street պարբերականը իր հրապարակած յօդուածով:

Արդէն պայթումէն առաջ իսկ, լիբանանցիներէն շատեր, փակած էին իրենց խանութներն ու հաստատութիւնները, եւ յայտնուած իրենց ընտանիքի ապրուստը ապահովելու լրջագոյն խնդրին առջեւ։ Օժանդակութիւն մատակարարող գործակալութիւնները նախազգուշացուցած են, թէ այն մարդիկ, որոնք նախապէս միջին խաւ կը համարուէին, այսօր կրնան սովի մատնուիլ:

Ի դէպ, Միջազգային դրամատունը, նախքան պայթումը, ըսած էր, թէ լիբանանցիներուն 22 առ հարիւրը կը դիմագրաւէ ծայրայեղ աղքատութիւն, իսկ 45 առ հարիւրը յայտնուած է աղքատութեան եզրէն ցած մակարդակի մը վրայ։Մօտաւորապէս 1.6 միլիոն մարդ կարիքն ունի սննդեղէնի ու գիւղատնտեսական օժանդակութեան:

Այս տուեալներով, ըստ ՄԱԿ-ին, Լիբանան մօտիկ ապագային, պէտք պիտի ունենայ 47 միլիոն տոլարի, ապահովելու համար սննդեղէնի ու ցորենի անհրաժեշտ քանակութիւնը։

Իր հերթին, ՄԱԿի միջազգային սննդէղէնի ծրագիրը պահանջած է 250 միլիոն տոլար, առ ի օգնութիւն յառաջիկայ վեց ամսուան համար: Սոյն ծրագիրը կ'աշխատի մատակարարել ցորեն ու հացահատիկ, եւ առաջին բեռը Լիբանան պիտի հասնի առաջիկայ 10 օրուան ընթացքին: Ըստ գործակալութեան Լիբանանի ցորենի պահեստը կը բաւարարէ հազիւ 6 շաբաթ:

Հարկ է մատնանշել, որ սննդեղէնի բեռները կ'ուղղուին Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Թրիփոլիի նաւահանգիստ, որ համեմատաբար Պէյրութի նաւահանգիստին, կ'աշխատի շատ փոքր կ կարողականութեամբ:

Նշուած է, թէ օտար երկիրներ խոստացած են 297.8 միլիոն տոլարով օժանդակել Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման: ֆրանսան, որ հիւրընկալած էր Լիբանանի օժանդակութեան համացանցային խորհրդաժողովը, որեւէ մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուց, այդ գումարներու օգտագործման ձեւին մասին:

Ուրախալին այն է, որ այնքան ատեն, որ Լիբանանի կառավարութիւնը տակաւին կրնայ ցորենը պետական գինով վաճառել, հացին սակը ենթակայ չըլլար սղաճի, ինչ որ յոյսի շող մըն է լիբանանցիներուն համար, ի տես այլ սնունդի տեսակներու եռապատիկ սղաճին:

Քաղուած «Արեւելք»էն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2020, 09:10