Ճօ Պայտըն Ճօ Պայտըն 

Պայտըն պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու

Ճօ Պայտընը, 3 նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան թեկնածու:

Դեմոկրատական կուսակցութիւնը իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին պաշտօնապէս Ճօ Պայտընը առաջադրեց իբրեւ 3 նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան թեկնածու:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներ Պիլ Քլինթըն եւ Ճիմի Քարթըր «Ղեկավարութիւնը կարեւոր է» խորագիրով ընդհանուր ժողովի երկրորդ օրուան ընթացքին շեշտեցին. «Պայտըն փորձառութիւնն ու պարկեշտութիւնը ունի վերականգնելու Ամերիկան, զոր համաճարակը քանդեց»:

«Պայտըն պիտի ներկայացնէ հանրապետական նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի քաոսէն ետք բնական կացութեան վերադարձը», ըսաւ Քլինթըն` նշելով. «Այսպիսի պահու մը մէջ պէտք է Ձուաձեւ գրասենեակը ղեկավարութեան կեդրոն ըլլայ, սակայն ատոր փոխարէն փոթորիկի կեդրոն մըն է: Միայն քաոս կայ: Մէկ բան բնաւ չի փոխուիր` պատասխանատուութիւնը մերժելն ու ուրիշները այպանելը»:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2020, 09:59