Հրանդ Տինք ու անոր այրին Հրանդ Տինք ու անոր այրին 

Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը ատելութեան եւ խտրականութեան դէմ առցանց խորհրդաժողով կը նախաձեռնէ

Այժմ քննարկումներ կը կատարուին, որպէսզի յստակացուին Լիբանանի հայ համայնքին կարիքները:

Հրանդ Տինքի անուան հիմ­­նարկը, աջակ­­ցե­­­լով «Ֆ­­րիտ­­իխ Նու­­ման» հիմնարկին՝ կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ  11-12 Դեկ­­տեմբերին տեղի ունեցած առ­­ցանց խորհրդաժողով մը, նիւթ ու­­նե­­­նալով՝ ատե­­լու­­թեան խօսքը ու խտրա­­կանու­­թիւնը։

Հիմ­­նարկը մի­­ջազ­­գա­­­յին բնոյ­­թի այս ձեռնարկով կը մտադ­­րէ ատե­­լութեան պատ­­գա­­­մ եւ խտրա­­կանու­­թիւն պա­­րու­­նա­­­կող ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու պատ­­ճա­­­ռած հարցե­­­րուն դէմ պայքա­­­րելու եղա­­նակ­­ներ մշա­­կել։ Կ՛ակնկալուի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու այս նիւ­­թին շուրջ ու­­նե­­­ցած փորձառու­­թիւննե­­րուն, ռազ­­մա­­­վարու­­թիւննե­­րուն եւ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն փո­­խանա­­կու­­մը:

Թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին գետ­­նի վրայ խիստ տա­­րածո­­ւած հարց մըն է կիներու, երա­­խանե­­րու, տար­­բեր սե­­ռային նա­­խընտրու­­թիւններ ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րու, ազ­­գա­­­յին եւ կրօ­­նական փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու ուղղեալ ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րը։ Բարձրա­­ցող ազգայնա­­կան եւ ամ­­բո­­­խավա­­րական պատ­­գամնե­­րը եր­­կիրնե­­րու մէջ պատ­­ճառ կը դառ­­նան բե­­ւեռա­­ցու­­մի, օտար­­նե­­­րու, ապաս­­տա­­­նեալ­­նե­­­րու եւ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու դէմ թշնա­­մու­­թեան։ Այս ընդհա­­նուր հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ անհրա­­ժեշ­­տութիւն մըն է հա­­մաշ­­խարհա­­յին առու­­մով գի­­տակ­­ցութեան բարձրա­­ցու­­մը եւ պայ­­քա­­­րելու նոր եղա­­նակ­­նե­­­րու յայտնա­­բերու­­մը։

Օրինակ, հա­­մաճա­­րակին հա­­մար ասիացի­­ները եւ յատ­­կա­­­պէս չի­­նացի­­ները որոշ շրջանակներու կող­­մէ ներ­­կա­­­յացո­­ւեցան իբրու հի­­ւան­­դութեան պատ­­ճառը եւ ա՛լ աւե­­լի ծա­­ւալե­­ցաւ օտար­­նե­­­րու հան­­դէպ վե­­րապա­­հու­­թիւնը, ցե­­ղապաշ­­տութիւ­­նը ու փոքրամասնութիւննե­­րու ուղղեալ թշնա­­մու­­թիւնը։ Ոս­­տի­­­կանի մը կողմէ Ճորճ Ֆլոյ­­տի սպանու­­թիւնը թէ՛ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու եւ թէ այլ եր­­կիրնե­­րու մէջ խտրա­­կանու­­թեան դէմ բո­­ղոքի ալի­­քի մը  պատ­­ճառ դար­­ձաւ։ Ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թեան, ատե­­լու­­թեան պատ­­գա­­­մի եւ յար­­ձա­­­կողա­­կան կո­­չերու դէմ պայ­­քա­­­րը ու­­շագրաւ հանգրո­­ւանի մը հա­­սած է։

Դեկ­­տեմբերի այս մի­­ջազ­­գա­­­յին ձեռնարկին ըն­­թացքին հա­­սարա­­կական կազմակերպութիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու, ակա­­դեմա­­կան­­նե­­­րու, իրա­­ւաբան­­նե­­­րու, միութիւննե­­րու եւ մա­­մու­­լի գոր­­ծիչնե­­րու մէկ­­տե­­­ղու­­մով քննարկման նոր դաշտ մը պի­­տի գոյանայ։

Խորհրդաժողովը անգլե­­րէն եւ թրքե­­րէն պի­­տի կա­­տարո­­ւի։ Հար­­ցում պատասխաններուն ժա­­մանակ յատ­­կացնե­­լու հա­­մար, ելոյթնե­­րը սահ­­մա­­­նափա­­կուած են 20 վայրկեանով։ Ձեռնարկը ու­­ղղակ պի­­տի սփռո­­ւի համացանցով։

Մաս­­նա­­­կցող­­նե­­­րէն կը խնդրո­­ւի իրենց պատ­­րաստած զե­­կոյ­­ցին անգլե­­րէն ամ­­փո­­­փու­­մը 300 բառի սահ­­մա­­­ններուն մէջ եւ կեն­­սագրա­­կան գի­­տելիք­­նե­­­րով մին­­չեւ 7 Սեպ­­տեմբեր տե­­ղադ­­րել հիմնարկին պատ­­րաստած դի­­մու­­մի կայքէջին (https://form.jotform.com/202033545534952) վրայ։

Նիւ­­թին վերաբերող ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը կարելի է տես­­նել հիմ­­նարկի կայ­քէ­ջէն (https://hrantdink.org/en/

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2020, 10:07