«Թիկունքը՝ մշակոյթ» նախաձեռնութիւն «Թիկունքը՝ մշակոյթ» նախաձեռնութիւն 

Ատրպէյճանի արարքէն տուժած Բերդ քաղաքին մէջ «Թիկունքը՝ մշակոյթ» նախաձեռնութիւն

ՀՀ ԿԳՄՍ Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Թիկունքը` Մշակոյթ» խորագիրով ծրագիրը մեկնարկած է 5 Օգոստոսին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն ընթացքին ռմբակոծութենէն տուժած Բերդ քաղաքին մէջ «Թիկունքը` Մշակոյթ» խորագիրով ծրագիր մը իրականացած է: Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է, որ նախաձեռնութեան ընթացքին կատարումներով հանդէս եկած են Օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի Վարսենիկ Աւանեան եւ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, ճազմէն Վահագն Հայրապետեան:
Նախաձեռնութեան ընթացքին Վարսենիկ Աւանեան կատարած է հայ եւ արեւմտաեւրոպական հեղինակներու վոքալ ստեղծագործութիւններ, իսկ Վահագն Հայրապետեան ներկայացուցած է հեղինակային, ինչպէս նաեւ յայտնի ու սիրուած ճազ մեղեդիներու սեփական մշակումները: Նախաձեռնութեան ներկայ եղած է ՀՀ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չօպանեան:

ՀՀ ԿԳՄՍ Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Թիկունքը` Մշակոյթ» խորագիրով ծրագիրը մեկնարկած է 5 Օգոստոսին: Առաջին նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցած է Արծուաբերդ (5 Օգոստոսին) եւ Տաւուշ (6 Օգոստոսին) գիւղերուն մէջ` Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի, «Մեկնարկ» տաղանդի զարգացման նպատակային ծրագիրին պատանի երաժիշտներուն եւ «Մասունք» աւանդական երգի-պարի համոյթին մասնակցութեամբ:

Քաղուած «Գանձասար»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2020, 12:24