Երեւան մայրաքաղաքը Երեւան մայրաքաղաքը 

Հայաստանի պետական պարտքը արագօրէն կ՛աճի

պարտքի ներգրաւման տեսանկիւնէն Մարտ, Ապրիլ, Մայիս ամիսները աւելի աշխոյժ եղած են

Հայաստանի պետական պարտքը Յուլիսին աւելցած է 221 միլիոն տոլարով եւ այժմ կը կազմէ 7 միլիառ 939 միլիոն տոլար: Պետական պարտքին վերաբերեալ տուեալները հրապարակուած են ելեւմտական նախարարութեան ամսական վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ:

Ըստ այդ տուեալներուն` պարտքի ներգրաւման տեսանկիւնէն Մարտ, Ապրիլ, Մայիս ամիսները աւելի աշխոյժ եղած են: Մասնաւորաբար, Ապրիլին 117 միլիոն տոլարի պարտք աւելցած է, Մայիսին` 310 միլիոն, Յունիսին` 5, իսկ Յուլիսին` 221 միլիոն:

Օգոստոս 2019ին, կառավարութիւնը հաղորդած էր, որ արտաքին պետական պարտքը մեծ կշռոյթով սկսած է նուազիլ: Վերջին շրջանին, սակայն, կառավարութիւնը սկսած է նոր վարկային միջոցներ ներգրաւել:

Ըստ նախարարութեան տուեալներուն` 6 միլիառ 55 միլիոն տոլարը արտաքին պարտք է, մնացածը` ներքին:  Ընդհանուր պետական պարտքի առիւծի բաժինը կառավարութեան է, իսկ շուրջ 480 միլիոն տոլարը` Կեդրոնական դրամատան։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2020, 10:10