Քաշաթաղ Քաշաթաղ 

«Թուֆենկեան» հիմնադրամը Քաշաթաղի շրջանին մէջ կը շարունակէ բարեգործական ծրագիրները։

«Թուֆենկեան»-ի միջոցներով շուտով պիտի աւարտի Վանի միջնակարգ դպրոցի շէնքի հիմնանորոգումը:

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը տարիներ շարունակ աջակցած է Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման եւ կայացման՝ իրագործելով տարբեր ծրագիրներ. դպրոցաշինութիւն, բնակարանաշինութիւն, գիւղատնտեսութիւն եւ այլն: Այս  մասին, ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։ 

Քաշաթաղի շրջվարչակազմի ղեկավարի օգնական Իննա Բաբայեան յայտնած է, թէ 2020-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին բարեգործական հիմնադրամը Քաշաթաղի մէջ արդէն կատարած է շարք մը աշխատանքներ՝ առաջնային համարելով գիւղատնտեսութեան զարգացումը: «Տարուան սկիզբէն հիմնադրամթը կ՝իրականացնէ նոր գիւղատնտեսական ծրագիր Միջնավանի տարածքին՝ հիմնելով 5 հեկտար փորձարարական այգի, ուր տնկած են տարբեր տեսակի պտղատու ծառեր: Նպատակը՝ ուսումնասիրել, թէ որ ծառերը աւելի յարմար են տեղի բնակլիմայական պայմաններուն համար: Այս տարի, կապուած նոր «քորոնա» ժահրի տարածման հետ, հիմնադրամը Քաշաթաղի հողօգտագործողներուն տրամադրած է 64.8 տ. ազոտական պարարտանիւթ: Հիմնադրամը շրջանային բուժմիաւորման տրամադրած է նաեւ բժշկական տարբեր պարագաներ՝ Աղաւնոյի անցակէտին մէջ հերթապահութեան ժամանակ օգտագործելու նպատակով:

«Թուֆենկեան»-ի միջոցներով շուտով պիտի աւարտի Վանի միջնակարգ դպրոցի շէնքի հիմնանորոգումը: Կապուած բնակարանաշինութեան հետ՝ հիմնադրամը Կովսական քաղաքին մէջ սկսած է վիրաւոր ազատամարտիկ Համլէթ Յովհաննիսեանի ընտանիքի տան վերակառուցման ծրագիրը: Նոյն քաղաքին մէջ, օրերս, աւարտին հասաւ քաղաքային այգիի եւ մանկական խաղահրապարակի շինարարութիւնը»,- մասնաւորապէս ըսած է Ի. Բաբայեան: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հիմնադրամը նախատեսած է շրջանին մէջ իրականացնել հնգամեայ բարեգործական ծրագիր, Միջնավանի, Կովսականի քաղաքային եւ Վանի, Ալաշկերտի, Մուշի գիւղական համայնքներու ընդգրկումով: Մոտ օրերս նաեւ կը նախատեսուի Մոշաթաղի գիւղական համայնքի խմելու ջուրի համակարգի վերանորոգումը:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2020, 10:57