Արամ Ա Արամ Ա 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի նամակը՝ Յունաստանի Վարչապետին

Վե­հա­փա­ռը դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ ա­պօ­րէն եւ ան­բա­րոյ ո­րո­շու­մը եւ կը մատ­նան­շէ, որ Եւ­րո­պան պէտք չէ լուռ մնայ այս ա­րար­քին դի­մաց։
Ունկնդրէ լուրը

Ծա­նօթ է մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, թէ «Ա­յիա ­Սո­ֆիա» տա­ճա­րը մզկի­թի վե­րա­ծե­լու թուրք պե­տու­թեան ո­րո­շու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ա­ռա­ջին հա­կազ­դող­նե­րէն եւ ա­նըն­դու­նե­լի ո­րո­շու­մը դա­տա­պար­տող­նե­րէն ե­ղաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս, ո­րու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ար­ձա­գանգ ու­նե­ցաւ, ինչ­պէս նաեւ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րէն։

Իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը կը նշէր, թէ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան այ­լա­մերժ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ թա­փան­ցել ա­րա­բա­կան աշ­խար­հէն մին­չեւ ա­րեւ­մուտք, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի լռու­թեան տակ։

­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը նաեւ հարց կու տար, թէ ուր էին ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, երբ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը վե­րա­ծո­ւե­ցան ա­գա­րակ­նե­րու եւ հան­րա­յին վայ­րե­րու։

­Մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թիւն ստա­ցած «Ա­յիա ­Սո­ֆիա»ի խնդի­րին առն­չու­թեամբ, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս յա­տուկ նա­մակ ու­ղար­կեց ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սին, ո­րուն մէջ ­Վե­հա­փա­ռը կը դա­տա­պար­տէ ­Թուր­քիոյ ա­պօ­րէն եւ ան­բա­րոյ ո­րո­շու­մը եւ կը մատ­նան­շէ, որ Եւ­րո­պան պէտք չէ լուռ մնայ այս ա­րար­քին դի­մաց։

Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռը, իր նա­մա­կին մէջ կը վստա­հեց­նէ, թէ ­Հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղե­ցին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը կանգ­նին ­Յու­նաս­տա­նի եւ բո­լոր ա­նոնց կող­քին, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տեն ­Թուր­քիոյ ա­պօ­րի­նի քայ­լը եւ կոչ կ­՚ուղ­ղեն թրքա­կան պե­տու­թեան վե­րա­տե­սե­լու իր ո­րո­շու­մը։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2020, 06:15