Մզկիթի վերածուած Այա Սոֆիայի պատմական եկեղեցին Մզկիթի վերածուած Այա Սոֆիայի պատմական եկեղեցին 

Այա Սոֆիայի հարցով բողոքի ձայն մը նաեւ Եգիպտոսէն

«Մեզի հրահանգուած է որ պաշտպան կանգնինք նաեւ եկեղեցիներուն. մարդկութիւնը պէտք է պաշտպան կանգնի մշակոյթի համաշխարհային ժառանգութեան», ըսաւ միւֆթի Շաուքի Ալլամ:

Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու մասին որոշումին դէմ իսլամական երկիրներէն բողոքի միակ ձայնը բարձրացաւ Եգիպտոսէն։

Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալլամ պատկերասփիւռէն զրոյցի մը ընթացքին քննադատեց որոշումը եւ ըսաւ, որ եկեղեցիները պէտք է պահպանուին եւ մզկիթի պէտք չէ վերածուին, այնպէս ինչպէս, որ պէտք է պահպանուին մզկիթները եւ պէտք չէ որ եկեղեցիի վերածուին: Ան անընդունելի որակեց Այա Սոֆիայի մասին որոշումը եւ ըսաւ, որ Եգիպտոսի մէջ երբեք այսպիսի բան չէ պատահած։ Ան պաշտպանեց տարբեր կրօնքներու մասնայատկութիւնները պահպանելու գաղափարը: «Մեզի հրահանգուած է որ պաշտպան կանգնինք նաեւ եկեղեցիներուն. մարդկութիւնը պէտք է պաշտպան կանգնի մշակոյթի համաշխարհային ժառանգութեան», ըսաւ միւֆթի Շաուքի Ալլամ:

Քաղուած «Աապարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2020, 07:57