Մարիաննա Գէորգեան Մարիաննա Գէորգեան 

Մարիաննա Գէորգեան տիրացաւ համաշխարհային մրցում-փառատօնի մրցանակին։

Մարիաննա Գէորգեան ուսանած եւ գերազանց արդիւնքով աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը. հանրապետական, միջազգային մրցում-փառատօններու ոսկէ մետալակիր է:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան համաշխարհային WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցում- փառատօնին յաղթանակ տարաւ՝ գրաւելով առաջին պատուաւոր դիրքը եւ տիրանալով մրցանակին։

Առցանց այս մրցումին մասնակցելով՝ Մարիաննա Գէորգեան ներկայացուց ազգային նուագարան քանոնը՝ կատարելով Սայաթ Նովայի «Էշխեմէդ» ստեղծագործութիւնը: Ընտրութիւնը տեւեց մէկ ամիս: Մրցումին մասնակցեցան 115 երկիրներէ 3950 ներկայացուցիչներ, բայց կիսաեզրափակիչ փուլը անցան180 անձեր՝ 60 երկիրներէ: Անոնց մէջ կային նուագախումբեր, երգչախումբեր եւ անհատ կատարողներ։

Մարիաննա Գէորգեան ուսանած եւ գերազանց արդիւնքով աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը. հանրապետական, միջազգային մրցում-փառատօններու ոսկէ մետալակիր է: Ներկայիս ան կը պաշտօնավարէ Կոմիտասի անուան քամերային երաժշտութեան տան «Տաղարան» հնագոյն երաժտութեան համոյթին մէջ, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Ս. Երկանեան:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2020, 08:45