"ՀԱՅԱՍՏԱՆ" Համահայկական Հիմնադրամ "ՀԱՅԱՍՏԱՆ" Համահայկական Հիմնադրամ 

"ՀԱՅԱՍՏԱՆ" Համահայկական Հիմնադրամը 7500 ամ. Տոլար կը նուիրէ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻՆ

Պարոն Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց մարմնի անդամներուն, անոնց մաղթելով յաջողութիւններ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Հայկական Սփիւռքի հզօրացման ուղղուած ծրագիրներուն մէջ:

Յուլիս 17ին Մեսրոպեան վարժարան այցելեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններու օժանդակութեան ծիրին մէջ վարժարանի տնօրէնութեան յանձնեց դրամական յատկացում՝ 7500 ամերիկեան տոլարի չափով:
Ընթացիկ տարեշրջանին այս երկրորդ անգամն է, որ Լիբանանահայ վարժարաններու շարքին Մեսրոպեանը կ՛արժանանայ Հիմնադրամի օժանդակութեան: Պատուիրակութեան ընդունելութեան ընթացքին Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ վստահեցուց, որ այս յատկացումը էապէս պիտի նպաստէ, որ ներկայ չափազանց դժուարին պայմաններուն մէջ Մեսրոպեանը լիարժէքօրէն շարունակէ իր կենսագործունէութիւնը՝ ի շահ լիբանանահայ աշակերտական սերունդին:
Պարոն Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց մարմնի անդամներուն, անոնց մաղթելով յաջողութիւններ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Հայկական Սփիւռքի հզօրացման ուղղուած ծրագիրներուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 08:30