Եգիպտոսի մէջ աղքատ մէկ թաղամաս Եգիպտոսի մէջ աղքատ մէկ թաղամաս 

Եգիպտոսի մէջ կեանքէն հեռացաւ «աղքատներուն բժիշկը»

«Ան տարբեր յոյսի մը ստեղծիչն էր», ինչպէս գրեց Արաբական Էմիրութիւններու փոխ նախագահ եւ վարչապետ Շէյխ Մոհամմատ Պին Ռաշիտ Ալ Մաքթումը՝ թուիթըրեան իր էջին վրայ գուժելով Բժիշկ Մաշալիի մահը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեծ սուգ կը տիրէ Եգիպտոսի մէջ ի լուր 76 ամեայ բժիշկ Մոհամէտ Մաշալիիի մահուան։ Վեհանձն անձնաւորութիւն մը, որ իր կեանքն ու մասնագիտական հմտութիւնները  նուիրեց օգնելու ուրիշները ու խնամք մատուցելու հազարաւոր աղքատ հիւանդներուն, անկախ անոնց կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութենէն։  

Հոգիի վեհանձն  ազնւութեամբ մարդ մը՝ որ 50 տարուայ գործունէութեան ընթացքին,  սկիզբ առած 1967-ին երբ ան աւարտեց համալսարանական ուսումները եւ շարունակուած ու ամրապնդուած 1975-ին, երբ ան բացաւ իր անձնական բուժարանը, ան զի չլացաւ ձեռք երկարել ու անվճար խնամել կարիքաւոր մարդիկը եւ այս ըրաւ մինչեւ իր կեանքին վերջին  օրերը։

Իր տուած հազուագիւտ մէկ հարցազրոյցներու ընթացքին բժիշկ Մոհամմէտ Մաշալի ըսած էր՝ թէ ինք այս ճանապարհը ընտրած է, քանի որ ազդուած է  իր ընտանիքին կողմէն ձեռք բերուած զոհողութիւններէն, իրեն բժշկական ուսումները ապահովելու համար։ Եւ ասոր համար ան շատ անգամ իր ծախսերով նոյնիսկ հոգացած է ու դեղորայք ապահովեցուած է  թշուառութեան մէջ ապրողներուն։  

Եգիպտոսի Թանթա քաղաքին մէջ բժիշկ Մաշալի յոյսի աղբիւր հանդիսացաւ շատերուն համար ու յատկապէս անոնց որոնք չքաւոր էին ու կարելիութիւնը չունէին բժշկական ծախսերը հոգալու։ Ան խոնարհ ու հեզ անձ մըն էր,  չէր հետաքրքրուած ոչ  փառքով եւ ոչ ալ հանգստաւէտ կեանքով։ «Ան տարբեր յոյսի մը ստեղծիչն էր», ինչպէս գրեց Արաբական Էմիրութիւններու փոխ նախագահ եւ վարչապետ Շէյխ Մոհամմատ Պին Ռաշիտ Ալ Մաքթումը՝ թուիթըրեան իր էջին վրայ գուժելով Բժիշկ Մաշալիի մահը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2020, 10:15