«UEFA Playmaker»-ի ծրագիր «UEFA Playmaker»-ի ծրագիր 

Հայաստան կը միանայ «UEFA Playmaker»-ի ծրագիրին:

Ծրագիրին մեկնարկը պիտի տրուի մարտ 2021-ին: Այս ժամանակամիջոցին, Հայաստանի մէջ պիտի բացուին 30 կեդրոններ, ուր 5-8 տարեկան աղջիկները Տիզնիի հերոսներուն նման կրնան զբաղիլ ֆութպոլով:
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի ֆութպոլի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստան կը միանայ «UEFA Playmaker»-ի  ծրագիրին: Հայաստան առաջին երկիրներէն է, որ համաձայն գտնուած է այս ծրագիրը իրականացնել իր երկրին մէջ:

«UEFA Playmaker» ծրագիրը, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի եւ աշխարհահռչակ «Տիզնի» ընկերութեան հետ համագործակցութիւնն է, որուն գլխաւոր նպատակն է, «Տիզնի»-ի հերոսներուն շնորհիւ, 5-8 տարեկան աղջիկներու շրջանակին մէջ խթանել, ֆութպոլի տարածումն ու խթանումը:

Ծրագիրին մեկնարկը պիտի տրուի մարտ 2021-ին: Այս ժամանակամիջոցին, Հայաստանի մէջ պիտի բացուին 30 կեդրոններ (10-ը՝ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ), ուր 5-8 տարեկան աղջիկները Տիզնիի հերոսներուն նման կրնան զբաղիլ ֆութպոլով:

Նշուեցաւ, որ մինչեւ այս ծրագիրին մեկնարկը, Հայաստանէն երկու մարզիչներ պիտի վերապատրաստուին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին հսկողութեան տակ, իրենց գիտելիքներն ու փորձը փոխանցելով հայ աղջիկներուն։

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2020, 07:25