«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ «Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ

28 յունիսին արձանագրուած է «Քորոնա»-ի հաստատուած 736 նոր դէպք եւ 205 ապաքինման պարագայ: Իսկ մահացածներու ընդհանուր թիւն է 426:

Հայաստանի մէջ 28 յունիսի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 24.645 դէպք, որոնցմէ 13.116-ը` ապաքինած:  «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նշուած է Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան վերահսկման եւ  կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 109.173 քննութիւն: 28 յունիսին արձանագրուած է «Քորոնա»-ի հաստատուած 736 նոր դէպք եւ 205 ապաքինման պարագայ: Իսկ մահացածներու ընդհանուր թիւն է 426:

Միւս կողմէ, Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, թէ 28 յունիսի դրութեամբ Արցախի մէջ հաստատուած «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւն է 118 վարակակիր, որոնցմէ 87-ն ապաքինած են:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2020, 08:31