Գաղթականներ Գաղթականներ 

ՄԱԿ-ի 2019 տարուան գաղթականներու իրավիճակի վերաբերեալ տեղեկագիրը։

Միայն Սուրիայէն վերջին տասնեակ տարինեուն գաղթի դիմած են աւելի քան 13 միլիոն անձ, նշուած է ՄԱԿի գաղթականներուն տեղեկագիրին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակի, 2019 տարուան գաղթականներու վերաբերեալ տեղեկագիրը. ըստ ՄԱԿին, պատերազմներէն, հալածանքներէն, կլիմայի փոփոխութեան եւ այլ բնական աղէտներուն հետեւեանքով գաղթականներուն թիւը հասած է 80 միլիոնի։  

2019 տարուան ընթացքին վերոնշեալ պատճառներէ իրենց տուները ձգած ու փախուստ տուած են աւելի քան 27 հազար, գաղթական, մէկ տարուան մէջ 10 միլիոն անձ։

Ունկնդրէ լուրը

Գաղթողներու մեծ մասը ժամանած են 5 երկիրներէն։ Աֆկանիստանէն, Սուրիայէն, Վենեզուելլայէն, հարաւային Սուտանէն եւ Մայանմարէն։

Միայն Սուրիայէն վերջին տասնեակ տարիներուն գաղթի դիմած են աւելի քան  13 միլիոն անձ, նշուած է ՄԱԿի գաղթականներուն տեղեկագիրին մէջ։

Ինչ կը հայի ամենէն շատ գաղթական հիւրընկալող երկիրներուն, առաջին տեղ կը գտնէ Թուրքիան,  որուն կը յաջորդէ Քոլոմպիան, Փաքիստանը եւ Ուկանտան ապա Եւրոպական երկիներէն  Գերմանիան ։ Նշուած է տեղեկագիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2020, 09:56