Նախագահ Սարգսեան. Նախագահ Սարգսեան.  

Նախագահ Սարգսեան. «Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որ Արցախը կայանայ իբրեւ հզօր պետութիւն»

«Մենք պէտք է ընէինք եւ ընենք ամէն ինչ, աշխատինք օր ու գիշեր, որ Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ քաղաքական եւ պետական միաւոր, կայանայ իբրեւ հզօր պետութիւն, հզօր` տնտեսապէս, ռազմական ու նաեւ` ժողովրդագրութեան իմաստով», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան զրուցած է Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տաթեւիկ Հայրապետեանի եւ քաղաքագէտ Էտկար Էլբակեանի հետ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Մենք պէտք է ընէինք եւ ընենք ամէն ինչ, աշխատինք օր ու գիշեր, որ Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ քաղաքական եւ պետական միաւոր, կայանայ իբրեւ հզօր պետութիւն, հզօր` տնտեսապէս, ռազմական ու նաեւ` ժողովրդագրութեան իմաստով», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Ան նշած է, որ ժողովրդագրութիւնը այսօր կարեւոր գործօն է ամբողջ աշխարհին մէջ` հիմք հանդիսանալով անվտանգութեան, քաղաքական,  տնտեսական եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներու լուծման համար:

Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, Արցախը ունի աւելի քան բաւարար միջոցներ` զգալիօրէն մեծցնելու իր մարդկային դրամագլուխը եւ աւելի զարգանալու: Այդ ուղղութեամբ պէտք է կատարուին գործնական քայլեր:

Միւս կարեւոր խնդիրը նախագահ Սարգսեանը նկատած է պարէնի անվտանգութեան հարցը: Անոր համաձայն, Արցախը ունի բոլոր կարելիութիւնները` աշխուժօրէն զբաղելու պարէնի արտադրութեամբ: «Եթէ այսօր ունինք «Քորոնա» ժահրին հետ կապուած խնդիրներ, որոնք ցաւագին են, մարդկային կեանքեր կը խլեն, վաղը  պիտի ունենանք տնտեսական խնդիրներ: Տնտեսական խնդիրներէն զատ` պիտի ունենանք նաեւ պարէնի անվտանգութեան խնդիր: Աշխարհին մէջ  պարէնի անվտանգութեան իմաստով ինքնաբաւ պետութիւններ գրեթէ չկան», ըսած է ան:

Ընդգծելով տնտեսութեան, ժողովրդագրութեան եւ պարէնի անվտանգութեան ոլորտներուն կարեւորութիւնը` նախագահ Սարգսեան խօսած է այդ ուղղութիւններով ազգային, պետական ծրագիր ունենալու մասին: «Ասիկա չի վերաբերիր միայն Արցախին: Մեր ուշադրութիւնը պէտք է Հայաստանի ամբողջ տարածքին ըլլայ, Մենք հայեցակարգային փոփոխութեան կարիքը ունինք, մեր վերաբերմունքը պէտք է փոխենք», ընդգծած է հանրապետութեան նախագահը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2020, 08:41