ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին 

ՄԱԿ-ի սահմանադրութեան ստորագրութեան 75-րդ ամեակի նշում։

26 յունիս, 1945ին, Սան Ֆրանսիսքոյին մէջ ստորագրուեցաւ ՄԱԿ-ի սահմանադրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միացեալ Ազգերուն կազմակերպութեան սահմանադրութեան ստորագրութեան  75 րդ ամեակի առիթով, ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՝ունենայ տեսաժողով, զրուցելու համար սահմանադրութեան իմաստին մասին ըլլայ որուն ծիրէն ներս, յառաջիկայ 21 սեպտեմբեին, պիտի գումարուի նաեւ.«2020 տարին թող երկխօսութեան եւ մարդկային ընտանքին տարի ըլլայ» խորագիրով ժողով։

Ունկնդրէ լուրը

26 յունիս, 1945ին, Սան Ֆրանսիսքոյին մէջ կնքուած, ՄԱԿ-ի սահմանադրութեան ստորագրութեան 75 ամեակին առթիւ յղած կոչին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց վերակառուցելու աւելի լաւ ընկերութիւն մը ինչպէս նաեւ կայուն եւ ներառական տնտեսութիւն։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կոչին մէջ անդրադառնալով համաճարակի ճգնաժամին ,անհրաժեշտ նկատեց առողջապահական համակարգի մը ստեղծումը, որ մատչելի է բոլորին, հրամայական նկատեց ազգերու, ժողովուրդներու զօրակցութիւնը ինչպէս նաեւ անհաւասարութեան դէմ պայքարելու համար, համաշխարհային տնտեսութեան վերատեսումը։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նկատել տուաւ, որտակաւին ընելիք շատ բաներ կան, դիտել տալով որ համաճարակի ճգնաժամի օրերուն  շատ  մը երկիրներ չի յարգեցին, ոչ իսկ անսացին ՄԱԿ-ի  զինադադարի կոչը, որուն արձագանգած է նաեւ ֆրանչիսկոս Պապը եւ ընդունուած էր 180 երկիրներէն։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը օրինակ բերաւ Եմէնէն եւ Լիպիայէն ուր բռնութիւնները կը շարունակուին։

Անթոնիօ Կութերս, ապա յիշեց, որ ՄԱԿ-ը կը շարունակէ իր մարդասիրական գործողութիւնները։ ՄԱԿ-ը Ներկայ դրութեամբ դեղորայք եւ սնունդ կը մատակարարէ աւելի քան 87 միլիոն անձերուն, ինչպէս նաեւ մանուկներուն համար պատուաստանիւթ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2020, 12:36