ՄԱԿ ՄԱԿ 

ՄԱԿ. «Քովիտ 19»-ի պատճառով աւելին քան 49 միլիոն անձ սովի վտանգի ենթարկուած են։

Նաեւ առատ սնունդ ունեցող երկիրներուն մէջ կայ սովի վտանգը։ Հարկաւոր է խուսափիլ առողջապահական համաճարակը սովի համաճարակ վերածելէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, Անթոնիօ Կութերես, պատկերասփռուած պատգամով մը անդրադարձաւ, պարենային համաշխարհային ճգնաժամային հարցերուն հայող ՄԱԿ-ի քննարկումներուն նշելով,  թէ ամբողջ աշխարհին մէջ կը սպասուի համաշխարհային պարենային ճգանաժամ մը, որ պիտի ազդէ հարիւրաւոր միլիոններով մանուկներուն եւ չափահասներուն վրայ, եթէ չգործադրուին քորոնա ժահրի հետեւանքները կասեցնելու կանխազգուշացման քայլերը։

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, աշխարհի մէջ սովէն կը տառապին աւելի քան 820 միլիոն անձ, որոնց շարքին  են հինգ տարեկանէն վար 144  միլիոնմանուկներ, եւ  որոնք ը համավարակի պատճառաւ կը գտնուին յետին  աղքատութեան մէջ։

Մինչ՝ ՄԱԿ-ի Պարենի համաշխարհային ծրագիրի, Իտալիոյ բաժանմունքի պատասխանատուին փոխանցմամբ սնունդի վտանգի ենթարկուած են նաեւ այն  երկիրները, ուր առատ սնունդ կ՝արտադրուի,  սննդի արտադրութեան ընդհատման պատճառաւ։ Ան անհրաժեշտ նկատած է աջակցիլ սնունդ արտադրող ընկերութիւններուն, պաշտպանելով գործաւորները եւ շարունակելով միջազգային օգնութիւններն ու ապրանքներուն փոխանակումը։

Սովի վտանգի պատաճառ է նաեւ սղաճը, նշած է ՄԱԿ-ի պարենի համաշխարհային ծրագիրի Իտալական բաժանմունքի պատասխանատուն,  շեշտելով,  որ պէտք է խուսափիլ առողջապահական համաճարակը սովի համաճարակ վերածելէ եւ հարկաւոր է պաշտպանել մանուկներու սնունդի անվտանգութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2020, 10:40