Օթանի ընդհանուր քարտուղարն ու Միացեալ Նահանգներուն նախագահը Օթանի ընդհանուր քարտուղարն ու Միացեալ Նահանգներուն նախագահը 

ՕԹԱՆ կը պատրաստուի «Քորոնա» ժահրի հնարաւոր երկրորդ ալիքին։

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտնած է, որ այս ուղղութեամբ յստակ առաջարկներ պիտի ներկայացուին անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն մասնակցութեամբ յունիսի կիսուն նախատեսուող տեսաժողովի ընթացքին:

ՕԹԱՆ կը ծրագրէ «Քորոնա» ժահրի հաւանական երկրորդ ալիքի պարագային անդամ եւ դաշինքին հետ աշխուժ համագործակցող պետութիւններուն արագ ու արդիւնաւէտ աջակցութիւն ցուցաբերել: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտնած է, որ այս ուղղութեամբ յստակ առաջարկներ պիտի ներկայացուին անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն մասնակցութեամբ յունիսի կիսուն նախատեսուող տեսաժողովի ընթացքին:

Կը նախատեսուի աջակցութիւն ցուցաբերել դեղորայքի փոխադրման համար փոխադրամիջոցներու տրամադրման, պաշտպանական արտահագուստներու եւ դեղորայքի արտադրանքներու պահպանման համար պահեստներու ստեղծման:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2020, 09:26