Պէյրութի մէջ ցուցարարները հսկայական քանդում կը պատճառեն։
Լիբանան, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութն ու հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին, ապահովական լուրջ խախտումներով լեցուն շաբաթավերջ մը անցուց:
Տիրող ապահովական այս լուրջ խախտումներուն լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրին` նախագահական պալատին մէջ, քննարկելու համար երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք մեծ թիւով ցուցարարներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուր կատարեցին ցոյց մը «Համայնքային դրութեան դէմ լիբանանցիներ» խորագիրով:
Ցուցարարները բարձրացուցին լիբանանեան դրօշներ եւ պաստառներ, որոնք կոչ ուղղեցին` տապալելու փտածութեան համակարգը իր բոլոր ճիւղաւորումներով եւ ծալքերով:
Ցոյցին ընթացքին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ներկայութիւն էին մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր:
Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ բանտարկեալներու հարազատներ, որոնք պահանջեցին համաներման օրինագիծը վաւերացնել եւ իրենց զաւակները ազատ արձակել:
Լիբանանեան Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ցուցարարներուն եւ կարգ մը երիտասարդներու միջեւ արձանագրուած են բախումներ, որոնք հակակշիռի տակ առնուած են` ցոյցը կազմակերպողներուն կողմէ, «բայց եւ այնպէս ցուցարարներուն միջեւ բախումները տարածուած են տարբեր շրջաններ, երբ նոր խմբաւորումներ եւս միախառնուած են ցուցարարներուն», նշուեցաւ լրատու գործակալութեան կողմէ:
Ցուցարարներուն մեծ մասը, սակայն, փտածութեան, փտածներուն եւ համայնքայնութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ կարգախօսեր արձակեցին` հաստատելով, որ իրենց այս շարժումը համայնքին եւ յարանուանութեան դէմ ուղղուած չէ, որովհետեւ, իբրեւ լիբանանցիներ, բոլորս թիրախ ենք սովի, սղաճի եւ անգործութեան:
Ցուցարարները ընդգծեցին, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր ժողովրդային շարժումը հարուածել կը փորձեն, եւ կոչ ուղղեցին` բոլոր համայնքներուն եւ շրջաններուն միջեւ միասնականութեան եւ համագործակցութեան:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Տահր Պայտարի, Թաալպայայի, Պըտտաուիի, Նաամէի եւ Սայտայի մայրուղիները փակուեցան, ինչպէս նաեւ Թաալպայայի ու Թարշիշի ճամբաներն ու Թրիփոլիի Նուր հրապարակը փակուեցան` հրկիզուող անիւներով, իսկ աւելի ուշ վերաբացուեցան:
Գիշերուան ժամը 11:30-ին Թրիփոլիի մէջ մոթորսիքլեթներ վարող երիտասարդներ քարկոծեցին «Մալաք Թաուուք», «Ապու Սուպհի» եւ «Պըրկըր քինկ» ճաշարանները, փուռերն ու վաճառատուները` անոնց սեփականատէրերէն պահանջելով փակել զանոնք:
Երիտասարդները իրենց պահանջները պատճառաբանեցին ըսելով, որ իրենք անօթի են` սղաճին, անգործութեան եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած անկումին պատճառով:
Լիբանանեան բանակը հետապնդեց այդ երիտասարդները, որոնց նպատակը քաղաքին մէջ խափանարարական արարքներ գործել էր:
Նոյն ժամուն խումբ մը այլ երիտասարդներ քարկոծեցին երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի բնակարանը, ուրկէ բանակը հեռացուց զանոնք:
Աւելի ուշ Թրիփոլիի մէջ լսուեցան կրակոցներ:
Կէս գիշերին նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը շատ վտանգաւոր է:
Քաղուած «Ազդակ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ