«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ 

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ ներկայիս բուժում ստացողներուն մէջ կան 403 անձեր, որոնց վիճակը բաւական ծանր է, իսկ 94 ուրիշներ` ծայրայեղ ծանր կացութեան մէջ:

8 յունիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը աւելցած է  195 նոր պարագայով, մահացած է 11 անձ: Այսպիսով «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 13.325-ի, որոնցմէ 4099-ը` ապաքինած, իսկ մահացածներուն թիւը 211 է:

Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ ներկայիս բուժում ստացողներուն մէջ կան 403 անձեր, որոնց վիճակը բաւական ծանր է, իսկ 94 ուրիշներ` ծայրայեղ ծանր կացութեան մէջ:

Առողջապահութեան նախարարութեան բանբեր Ալինա Նիկողոսեան իր կարգին տեղեկացուց, որ «Քորոնա»-ի քննութիւն կատարող տարրալուծարանները շաբաթ եւ կիրակի օրերը չեն աշխատած, այդ պատճառով ալ արդիւնքները քիչ են:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2020, 08:15