Ժաննա Բարսեղեան Ժաննա Բարսեղեան 

Ֆրանսահայ Ժաննա Բարսեղեան Սթրազպուրկի քաղաքապետ ընտրուած է։

Ժաննա Բարսեղեան 40 տարեկան է։ Ան ընտրութիւններուն կը գլխաւորէ Ֆրանսայի «Եւրոպա, էքոլոկիա, կանաչներ» կուսակցութեան ցուցակը։

Ֆրանսահայ Ժաննա Բարսեղեան ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

Ձայներու 42,5%-ով, Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածուն առաջնակարգն է:

Ժաննա Բարսեղեան 40 տարեկան է։ Ան ընտրութիւններուն կը գլխաւորէ Ֆրանսայի «Եւրոպա, էքոլոկիա, կանաչներ» կուսակցութեան ցուցակը։

Իբրեւ կանաչներու կուսակցութեան թեկնածու՝ Բարսեղեան իր առաջնային խնդիրը կը համարէ կլիման, անհաւասարութեան դէմ պայքարը։

Ժաննա Բարսեղեան 1918-ի, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով, ՀՀ խորհրդարանի ընտրուած առաջին երեք կիներէն Պերճուհի Բարսեղեանի ծոռնուհին է:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2020, 08:05