Ւզոլա Թիպերինա կղզին Ւզոլա Թիպերինա կղզին 

«Պէտք է սորվինք միասին ապրիլ որպէս եղբայրներ» ցեղապաշտութեան դէմ «Ֆլէշմոպ»

«Ֆլէշմոպ»ը կազմակերպուած է վերահաստատելու համար հարկաւորութիւնը հակադրելու ամէն տեսակ ընկերային խտրականութեան ցեղապաշտութեան ու բռնութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիիկան

Երեքշաբթի 9 Յունիս 2020-ի երեկոյեան 9-ին Հռոմի Թեվերէ գետին մէջ գտնուող «Իզոլա Թիպերինա» փոքրիկ կղզիին վրայ, ուր կը գտնուի նաեւ Սուրբ Բարթողոմէոսի Պազիլիքան, ուր պահպանուած են հայ նահատակներու մասունքներ, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան մաս կազմող «Երիտասարդները խաղաղութեան համար» շարժումի  նախաձեռնութեամբ, տեղի կ՛ունենայ  «Ֆլէշմոպ», վերահաստատելու համար հարկաւորութիւնը հակադրելու ամէն տեսակ ընկերային խտրականութեան, ցեղապաշտութեան ու բռնութեան, ներշնչուած Մարթին Լութեր Քինկի խօսքերէն «Պէտք է սորվինք միասին ապրիլ որպէս եղբայրներ» ու որպէս զօրակցութիւն՝ «Black Lives Matter» շարժումին։

Ձեռնարկը կազմակերպպուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ճորճ Ֆլոյտի սպնութենէն ետք վերջին օրերուն ստեղծուած շարժումին՝ ի պաշտպանութիւն բոլորի իրաւունքներու հաւասարութեան եւ կը զուգադիպի անոր  յուղարկաւորութեան օրուան։

Նախաձեռնութեան ընթացքին., որ սկիզբ կ՛առնէ յատուկ աղօթքով, Սուրբ Բարթողոմէոսի Պազիլիքայի ճակատին վրայ մեծ պաստառ մը պիտի զետեղուի մինչ հրապարակը պիտի լուսաւորուի հարիւրաւոր մոմերով։

Ֆլէշմոպը կազմակերպող Երիտասարդները խաղաղութեան համար շարժումը Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան մաս կազմող  շարժում մըն է, որուն յանձնառումն  է տարածել խաղաղութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթ մը։ Շարժումի անդամները ներկայ են դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ ու ծառայութիւն կը մատուցեն բացառուածներուն, տարեցներուն ու դժուարութեան մէջ գտնուողներուն։

Քովիտ19 ժահրի տագնապին առթիւ անոնք ձեռնարկեցին #Փրկենքմերտարեցները ծրագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի հազարաւոր երիտասարդներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2020, 07:59