Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր 

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւերը 22 Յունիսի դրութեամբ։

Առցանց ճեպազրոյցին մը ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր

22 Յունիսին դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի 320 նոր պարագաներ՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 20,588ի։ Ապաքինածներուն թիւը  9131 է, ներկայիս բուժուողներունը՝ 10,980, ընդհանուր քննութիւններունը՝ 96,843, իսկ մահերունը՝ 360։

Պարէտատան նիստէն ետք, առցանց ճեպազրոյցին մը ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, թէեւ կայ բաւական կայուն իրավիճակ, սակայն հարցը այն է, որ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ այս կայունութիւնը կը պահպանուի:

Միւս կողմէ, «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի բժիշկներուն օժանդակելու նպատակով Հայաստան հասան 50 ռուս բժիշկներ։ Նոյն թռիչքով Հայաստան տեղափոխուեցան նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան նուիրուած բժշկական սարքեր եւ անձնական պաշտպանիչ իրեր:

Արցախի մէջ եւս՝ 22 Յունիսի դրութեամբ՝ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած պարագանուն թիւը 97ն է: Մեկուսացման մէջ կը գտնուին 81 քաղաքացիներ:

Արցախի տեղեկատուական շտապի փոխանցած տեղեկութեան` քննութիւն կատարած էեն1654 քաղաքացիներ: Մինչ օրս, Արցախի մէջ «Քորոնա»էն մահացողներ չկան։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2020, 08:04