Բարի գալուստ Արցախ Բարի գալուստ Արցախ 

Արցախ մտնելու արտօնութիւն կը ստանան միայն «Քորոնա» ժահրի ժխտական արդիւնք ունեցող քաղաքացիները։

Անցակէտերուն վրայ արագ քննութիւն կատարելու կարելիութիւն կը ստեղծուի, եւ մուտքի արտ

8 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան գլխաւորեց աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութեան` նուիրուած հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը նուազեցնելուն վերաբերող պարէտատան հետագայ քայլերու յստակացման:

Նախագահը անհրաժեշտ նկատեց խստացնել պարէտատան սահմանած կանոնները` հիմք ընդունելով համաճարակի աճին վերաբերեալ խորհրդակցութեան ընթացքին տրուած վիճակագրական ցուցանիշները:

«Անդառնալի հետեւանքներից զերծ մնալու համար անհրաժեշտ է կտրուկ փոփոխութիւններ մտցնել մարդկանց ապրելակերպում ամէնուրեք խստացնելով վերահսկողութիւնը եւ պարէտատան սահմանած կանոնները, ինչը առաջին հերթին կը փոփոխի համավարակի նկատմամբ քաղաքացիների վերաբերմունքը եւ էլ աւելի հեշտ ու արդիւնաւէտ կը դարձնի համավարակի դէմ պայքարի աշխատանքները», դիտել տուաւ հանրապետութեան ղեկավարը:

Քննարկումներուն լոյսին տակ որոշուեցաւ վերանայիլ հանրապետութեան տարածքը մուտք գործելու թոյլտուութեան կարգը: Անցակէտերուն վրայ արագ քննութիւն կատարելու կարելիութիւն կը ստեղծուի, եւ մուտքի արտօնութիւն կը ստանան միայն բացասական արդիւնք ունեցող քաղաքացիները: Աւելի պիտի խստացուին ճարակի օճախ հանդիսացող` փակ տարածութիւններուն, հանրային եւ մարդաշատ այլ վայրերու մէջ դիմակ կրելու, ախտահանիչ նիւթեր օգտագործելու պահանջն եւ վերահսկողութիւնը:

Խորհրդակցութեան աւարտին, Ա. Յարութիւնեան հետագայ աշխատանքներուն վերաբերեալ յանձնարարականներ տուաւ գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն եւ պահանջեց հետամուտ ըլլալ անոնց գործադրութեան։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2020, 08:19