Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի  համերգը` նուիրուած բուժաշխատողի օրուան Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի համերգը` նուիրուած բուժաշխատողի օրուան 

Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը պիտի ներկայացնէ համերգ` նուիրուած բուժաշխատողի օրուան

Համերգը տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան պատշգամբը, ուր պիտի տեղադրուի յատուկ լուսաւորութիւն: Համերգի ընթացքին պիտի պահպանուին անվտանգութեան եւ հակահամաճարակային բոլոր կանոնները:
Ունկնդրէ լուրը

Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը Յունիս 21-ին պիտի ներկայացնէ առցանց համերգ` նուիրուած Բուժաշխատողի օրուան: ԿԵԱԿ բոլոր երաժշտախումբերը` փոքր կազմերով, իրենց խոնարհումը պիտի բերեն այս օրերուն բազում կեանքերու համար պայքար մղող բուժաշխատողներուն:

Համերգը տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան պատշգամբը, ուր պիտի տեղադրուի յատուկ լուսաւորութիւն: Համերգի ընթացքին պիտի պահպանուին անվտանգութեան եւ հակահամաճարակային բոլոր կանոնները:

Կեդրոնին տնօրէն Նորայր Նազարեան, որուն նախաձեռնութեամբ իրականութիւն պիտի դառնայ այս համերգը, նշած է, որ համերգին հանդէս պիտի գան Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը, Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը, հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթը, «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը եւ Երեւանի պետական կամերային երգչախումբը:

«Այս քայլով մենք մեր շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր բժիշկներուն, բուժքոյրերուն, շտապօգնութեան անձնակազմերուն, դեղատուներու աշխատակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հոգ կը տանին մեր առաւել խոցելի բնակչութեան համար: Շնորհակալութիւն անոնց բոլորին ամենօրեայ զոհողութիւններու, նուիրուածութեան ու քաջութեան համար: Շնորհակալութիւն փրկուած կեանքներու համար»,- «Արմռատիօ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան։

Կամերային երաժշտութեան ազգային Համերգին պիտի ներկայացուին հայ եւ արտասահմանեան երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Ան հասանելի պիտի ըլլայ Յունիս 21-ին, ժամը 21:00 Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Յունիս 21-ին Հայաստանի մէջ կը նշուի Բուժաշխատողի օրը: Առիթը պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական օղակներուն հնարաւորութիւն կու տայ եւս մէկ անգամ արժեւորել բուժաշխատողի դերն ու նշանակութիւնը հասարակութեան մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2020, 07:31