Բուժաշխատողներ Բուժաշխատողներ 

Հայաստան. Մօտ 600 բուժաշխատող բուժուելէ ետք գործի վերադարձած է

Բուժաշխատողներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան հետեւանքով արձանագրուած է մահուան 1 դէպք։

 Յունիս 10-ի դրութեամբ Հայաստանի բժշկական կեդրոններու 971 բուժաշխատող վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:

Յունիս 9-ին «Մեդիամաքս»-ը դիմած էր Առողջապահութեան նախարարութիւն` պարզելու, թէ Մարտ 1-էն մինչեւ Յունիս 10-ն քանի բուժաշխատողի մօտ է «Քորոնա» ախտորոշուած է:

 Ի պատասխան Առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ.

– Յունիս 10-ի դրութեամբ, ՀՀ բժշկական կեդրոններու 971 բուժաշխատողի մօտ (բժիշկ, բուժքոյր, մայրապետ) ախտորոշուած է COVID-19:

– առաւել շատ դէպքեր արձանագրուած են Երեւանի բժշկական կեդրոններուն մէջ, մասնաւորապէս` «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Էրեբունի» եւ «Աստղիկ» հիւանդանոցներուն մէջ:  

– Բուժումէն ետք աշխատանքի վերադարձած է 574 բուժաշխատող:

– Բուժաշխատողներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան հետեւանքով արձանագրուած է մահուան 1 դէպք

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2020, 07:48