Զապէլ Եսայեան Զապէլ Եսայեան 

Hurriyet-ը անդրադարձած է Պոլսահայ նշանաւոր Feminist գրող Զապէլ Եսայեանին։

Զապէլը այն բազմաթիւ հայ մտաւորականներէն է, որոնց անունները չեն բարձրաձայնուիր՝ հակառակ ժամանակակից Թուրքիոյ բոլոր ոլորտներուն մէջ ունեցած անոնց անգնահատելի աւանդին։

Թրքական «Hurriyet» թերթի կայքի սիւնակագիր Պահար Չուհատարը անդրադարձած է պոլսահայ նշանաւոր feminist գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի կենսագրութեան պատկերներով Պոլսոյ մէջ բեմադրուող «Զապէլ» ներկայացման։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կ՝իմանայ Ermenihaber.am-էն։

Ունկնդրէ լուրը

«Բողազիչիի կատարողական արուեստներու ընկերակցութեան կողմէն առաջին անգամ 2017-ին բեմադրուած «Զապէլ»-ը կը հրաւիրէ մեզ ճամբորդութեան հայ մտաւորական, գրող, կանանց իրաւունքներու պաշտպան Զապէլ Եսայեանի կեանքի ուղիով»,- կը գրէ հեղինակը եւ կ՝աւելցնէ, որ Զապէլը այն բազմաթիւ հայ մտաւորականներէն է, որոնց անունները չեն բարձրաձայնուիր՝ հակառակ ժամանակակից Թուրքիոյ բոլոր ոլորտներուն մէջ ունեցած անոնց անգնահատելի աւանդին։ 

Այս ծիրէն ներս՝ Չուհատար յիշեցուցած է նաեւ, որ այսօր կարծես գաղտնի կը պահուի թրքական թատրոնի հիմքերը հայ թատերական գործիչներու կողմէ դրուելու պատմութիւնը։ 

Կրկին գալով ներկայացման՝ ան կը նշէ, որ սենարի հեղինակներ Այսէլ Եըլտըրըմ եւ Տոյկու Տալեանօղլու կրցած են ցոյց տալ, որ պայքարի ոգին Զապէլի գիտակցութեան մէջ դրսեւորուած է դեռ մանուկ հասակէն։

«Ներկայացման մէջ մենք 1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի տարին Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ ծնած Զապէլի կեանքին հիւրը կ՝ըլլանք՝ անոր ծնելէն մինչեւ քայլ առ քայլ մտաւորական ու իրաւապաշտպան դառնալը»,- կը գրէ հեղինակը եւ կ՝աւելցնէ, որ ներկայացումը հանդիսատեսին կը փոխանցէ Զապէլի կեանքի դրուագները Պոլիսէն մինչեւ Փարիզ, մինչեւ Ատանա ու Երեւան՝ անոր ստեղծագործութիւններով, գործունէութեամբ, մտքերով ու աշխոյժ քաղաքական դիրքորոշումներով։

«Ասիկա կանացի ներկայացում է ո՛չ միայն անով, որ բեմ կը տեղափոխուի մեր պատմութեան հզօր կին գործիչներէն մէկուն կեանքը, այլ անով, որ բոլոր դերասաններն ու ետնաբեմի մէջ աշխատած անձնակազմի մեծամասնութիւնը կանայք են»,- կը նշէ Չուհուտար։

Զապէլ Եսայան ծնած է 1878-ին Պոլիս: Ուսանած է Սորպոնի համալսարանի գրականութեան եւ  փիլիսոփայութեան բաժանմունքին մէջ:

Եսայեան 1908-ին վերադարձած է Կ. Պոլիս, Ատանայի ջարդերու կապակցութեամբ ստեղծուած պատուիրակութեան կազմով՝ 1909-ին մեկնած է Կիլիկիա, «Ազատամարտ» թերթին մէջ տպագրած է յօդուածներ աղէտին մասին։ 1915-ին կրցած է  խոյս տալ ձերբակալութենէն եւ ապաստանիլ Թիֆլիսի մէջ: 1918-ին, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ կազմակերպած է հայ տարագիրներու, որբերու հաւաքման ու տեղաւորման գործը։

1933-ին հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան։ 1936-ին գրողներու միութեան մէջ իր ելոյթին կը յաջորդէ այդ տարիներուն զանգուածային դարձած չարագուշակ երեւոյթը՝ չսպասուած ժամուն դրան թակոցը, ապա՝ ձերբակալութիւնը։ Պաքուի բանտէն գրողին գրած նամակները կը խօսին՝ նոյն տոկուն, խիզախ կեցուածքով։ Անոր կեանքի դրամատիկական աւարտը՝ ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչ այժմ անյայտ են: 1937-ի ստալինեան բռնաճնշումներուն ընթացքին ձերբակալուելով եւ Սիպիր աքսորուելով` մահացած է 1942-ին կամ 1943-ին, անյայտ պայմաններու մէջ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2020, 10:40