Լիբանանի համար շտապ օգնութեան կոչ Լիբանանի համար շտապ օգնութեան կոչ 

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ օգնութեան միութիւնը 25 հազար տոլար կը նուիրէ Լիբանանահայութեան։

Տարուան սկիզբը, շարունակուող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը շարունակեց ազդել Լիբանանի հայ համայնքին վրայ, ՀՕՄ-ը կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան օգնել իրենց հայրենակիցներուն, որոնք դժուարութեամբ կ՚ապահովէին իրենց ապրուստը:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ  25 հազար տոլար կը նուիրէ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան՝ ի պատասխան Լիբանանի տնտեսական տագնապին ու քաղաքական անկայուն իրավիճակին, որ ահաւոր կերպով կ՛ազդէ Լիբանանահայութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Տարուան սկիզբը, շարունակուող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը շարունակեց ազդել Լիբանանի հայ համայնքին վրայ, ՀՕՄ-ը կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան օգնել իրենց հայրենակիցներուն, որոնք դժուարութեամբ կ՚ապահովէին իրենց ապրուստը: Լիբանանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը  նախաձեռնեց 3 ծրագիրներ՝ պնակ մը կերակուր, գոյատեւման պիտոյքներ եւ յոյսի արկղ: Այս Ծրագիրներու ճամբով կարելի պիտի ըլլար ապահովել սնունդ, մթերային ապրանքներ, դեղորայք եւ այլ հիմնական կարիքներ:

Կոչին յաջորդող ամիսներուն պսակաձեւ ժահրը շատ աւելի վատթարացուց Լիբանանի տնտեսական վիճակը։ ՀՕՄ-ի արեւելեան շրջանի մասնաճիւղերը ստիպուած էին յետաձգել իրենց դրամահաւաքի ձեռնարկները, հետեւելով այս ժահրի ստեղծած իրավիճակին: Սակայն, անոնք կրցան նուիրատութիւններ հաւաքել գաղութի անդամներէն Լիբանանի հայրենակիցներուն օգնելու համար:

«Լիբանանը մեր սփիւռքի սիւնն է եւ մենք հպարտ ենք, որ մեր մասնաճիւղերն ու նուիրատուները անգամ մը եւս ընդառաջեցին մեր կոչին: Մեր մասնաճիւղերու եւ գաղութներու անդամներուն առատաձեռնութիւնը յաւելեալ ուժ կու տայ, որպէսզի շարունակեն ՀՕՄ-ի մարդասիրական առաքելութիւնը», ըսաւ ՀՕՄ-ի արեւելեան շրջանի Վարչութեան ատենապետուհի՝ Անի Աթթար։

ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը պիտի շարունակէ հաւաքել նուիրատութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին օգնելու համար։ Կը խնդրուի նուիրատուներէն, որ շարունակեն աջակցիլ այս մարդասիրական աշխատանքին` առցանց նուիրատութիւն կատարելով:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2020, 09:07