Ջաւախքի Պալխօ գիւղին մէջ խաչքար Ջաւախքի Պալխօ գիւղին մէջ խաչքար 

Ջաւախքի Պալխօ գիւղին մէջ խաչքար մը գտնուած է։

Խաչքարը յայտնաբերուած է գիւղի վերջնամասը, դէպի Զակ տանող ճանապարհին, 14-ամեայ աղջիկներու կողմէ: Ըստ մասնագէտներու, գտնուածը տապանաքար մըն է:

Ախալքալաքի շրջանի Պալխօ գիւղին մէջ խաչքար մը գտնուած է: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Yerkir.am-էն։

Խաչքարը յայտնաբերուած է գիւղի վերջնամասը, դէպի Զակ տանող ճանապարհին, 14-ամեայ աղջիկներու կողմէ: Ըստ մասնագէտներու, գտնուածը տապանաքար մըն է:

Օրեր առաջ Պալխօ գիւղէն երկու աղջիկ նկատելով խաչքարը անմիջապէս տեղեկացուցած են իրենց ծնողները: Այնուհետեւ ծնողները խաչքարը զգուշութեամբ դուրս բերած են հողին տակէն:

Առաջին հայեացքով ան նման է 7-8-րդ դարերու խաչքարի, սակայն տակաւին լուրջ ուսումնասիրութեան կարիք ունի:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 15:05