Պոլսոյ հակական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դուռը հրկիզելու փորձ « Պոլսոյ հակական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դուռը հրկիզելու փորձ « 

Պոլսոյ հակական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դուռը հրկիզելու փորձ «Քորոնա» Ժահրը ասոնք բերած են» յայտարարած Է յանցագործը։

Կը հաղորդուի, որ դուռը այրելու փորձը չէ յաջողած: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը դէպքին առիթով հաղորդագրութիւն տարածած է:

Պոլսոյ Պաքըրքէօյ թաղամասին մէջ 8 մայիսին անծանօթ անձ մը փորձած է հրկիզել հայկանան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դուռը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը:

Ունկնդրէ լուրը

Կը հաղորդուի, որ դուռը այրելու փորձը չէ յաջողած: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը դէպքին առիթով հաղորդագրութիւն տարածած է:

«Անյայտ անձը եկեղեցւոյ դուռը այրել փորձելէ ետք փախուստ տուած է: Հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդը անմիջապէս ոստիկանութեան դիմած է: Պոլսոյ ոստիկանութեան փոխտնօրէնը կապուած է պատրիարքարանին հետ, իր ափսոսանքը յայտնած է տեղի ունեցածին առնչութեամբ եւ խոստացած, որ յանցագործը անպայման պիտի ձերբակալուի: Եկեղեցւոյ աշխատակիցներուն եւ դրան ոչ մէկ վնաս հասցուած է», կը նշուի պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի ուշ դէպքին առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է Պոլսոյ նահանգապետարանը` տեղեկացնելով, որ յանցագործը ձերբակալուած է:

Եկեղեցւոյ դուռը այրել փորձած Մ. Կ.-ն իր արարքին պատճառը բացատրելով ըսած է. «Քորոնա» ժահրը ասոնք բերած են»:

Ասիկա վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վրայ կատարուած առաջին յարձակումը չէ: Քանի մը անգամ հայկական եկեղեցիներու վրայ եղած են յարձակումներ եւ յարձակման փորձեր, որոնց ընթացքին եկեղեցիներու դռներուն վրայ ատելութիւն արտայայտող խօսքեր գրուած են:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2020, 08:43