Արամ Ա. Կաթողիկոսին «The Armenian Church» գիրքը լոյս տեսաւ Արաբերէն թարգմանութեամբ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսին «The Armenian Church» գիրքը լոյս տեսաւ Արաբերէն թարգմանութեամբ։ 

Արամ Ա. Կաթողիկոսին «The Armenian Church» գիրքը լոյս տեսաւ Արաբերէն թարգմանութեամբ։

Վերջերս վեհափառ հայրապետին վերոյիշեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը եւս հրատարակուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն, եւ այսպիսով գիրքը տրամադրելի է 5 լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, ռուսերէն եւ պարսկերէն):

Վերջին տարիներուն հանրութեան տարամադրութեան տակ կը գտնուի դիւրին ընթեռնլի, պարզ լեզուով ու ամփոփ, եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիւրամատչելի, սակայն միաժամանակ համապարփակ կերպով գրուած հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը` շնորհիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Անիկա գրուած է անգլերէնով` «The Armenian Church» խորագիրով եւ ցարդ թարգմանուած է երեք լեզուներու` ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ պարսկերէնի:

Վերջերս վեհափառ հայրապետին վերոյիշեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը եւս հրատարակուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն, եւ այսպիսով գիրքը տրամադրելի է 5 լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, ռուսերէն եւ պարսկերէն): Թարգմանական ամբողջական ու աստուածաբանական բառամթերքով լի մասնագիտական աշխատութիւնը կատարած է Հալէպի ազգայիններէն դոկտ. Հուրի Ազէզեան:

Այս առիթով նաեւ յայտնենք, որ հայրապետին գիրքին գերմաներէն ու յունարէն թարգմանութիւնները պատրաստ են եւ շուտով լոյս պիտի տեսնեն:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 08:36