ՀԲԸՄ-ը պարէնային օգնութիւն ՀԲԸՄ-ը պարէնային օգնութիւն  

ՀԲԸՄ-ը պարէնային օգնութիւն կը տրամադրէ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ ապրող հայերուն։

Մերձաւոր Արեւելքէն, Հայաստանէն եւ Աւստրալիայէն մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա` ՀԲԸՄ-ն կը ծաւալէ ինչպէս ռազմավարական մակարդակի գործունէութիւն, այնպէս ալ կ՛աշխատի իր մասնաճիւղերու միջոցով ապահովել, որ անհատներն ու ընտանիքները ստանան սննդարար մթերք եւ կենսական անհրաժեշտութեան այլ պարագաներ:

 Շարունակելով մարդասիրական օգնութեան ուղղուած իր երկարամեայ գործունէութիւնը բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր հայերը վտանգուած են, ՀԲԸՄ-ը «Քորոնա» ժահրի համավարակին պայմաններուն մէջ օգնութեան հասած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու ամենախոցելի խաւերուն, կը տեղեկացնէ ՀԲԸՄ-ը իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Վարակը կտրուկ ազդեցութիւն ունեցած է մարդոց կեանքի եւ գոյութեան միջոցներու վրայ, եւ այդ պատճառով ՀԲԸՄ-ն ստանձնած է ամենատարբեր միջոցներով օգնելու յանձնառութիւն` հոգալով մեր հայրենակիցներու ինչպէս ֆիզիկական եւ նիւթական, այնպէս ալ յուզական կարիքները: Սակայն, անշուշտ, ամէնէն աւելի կարեւոր է մարդոց սեղանին սնունդ հասցնելը», – ըսած է ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեան: 

 Մերձաւոր Արեւելքէն, Հայաստանէն եւ Աւստրալիայէն մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա` ՀԲԸՄ-ն կը ծաւալէ ինչպէս ռազմավարական մակարդակի գործունէութիւն, այնպէս ալ կ՛աշխատի իր մասնաճիւղերու միջոցով ապահովել, որ անհատներն ու ընտանիքները ստանան սննդարար մթերք եւ կենսական անհրաժեշտութեան այլ պարագաներ:

 ՀԲԸՄ-ի պարէնի փաթեթներու բաշխման ծրագիրը տարուան սկիզբը սկսած է Լիբանանի մէջ` երկրի տնտեսութեան քայքայման պատճառով: 

«Քորոնա» ժահրի բռնկման ու մեկուսացման պահէն սկսած ՀԲԸՄ մասնաճիւղերը օրինակ վերցուցին Լիբանանի փորձէն` կատարելով որոշ փոփոխութիւններ, մասնաւորապէս, առ այն, թէ հասարակութեան որ խաւին պէտք է առաջնահերթութիւն տրուի: 

Օրինակ` ՀԲԸՄ Մոնրէալի գրասենեակը ամէնէն առաջ ձեռք մեկնեց տարեցներուն եւ սիրիահայ փախստականներուն` սկսելով զատկային 200 արկղերի առաքումէն, որ այսօր արդէն հասած է 500 արկղի իւրաքանչիւր առաքման ժամանակ: Թորոնթոյի գրասենեակը վերջերս յայտարարած է նման ծրագիրի մը մասին` պարտաւորուելով որպէս սկիզբ տրամադրել 500 արկղ, եւ կ՛օժանդակէ ժողովրդագրական նոյն խումբի մարդոց` առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւն եւ ծածկոյթ ապահովելու նպատակով համագործակցելով փաթեթաւորող եւ առաքող ընկերութեան մը հետ:

 Այդ ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ միութեան կողմէ իրականացուող «Լոս Անճելըսը կը հոգայ» (LA Cares) ծրագիրը ընդլայնուած է` օգնութեան ձեռք մեկնելով տուեալ համայնքի ցանկացած կարիքաւորի: 

 Սուրիոյ մէջ ՀԲԸՄ-ի Լաթաքիա եւ Գամիշլի մասնաճիւղերը մեծ պահանջարկ ունէին ախտահանիչ պարագաներու, եւ կամաւորները ապահովեցին ատոնց մեծաքանակ առաքումը: 

 Ուրուկուէյի Մոնթեւիտէօ քաղաքին մէջ ՀԲԸՄ-ն միացած է սնունդի բաշխման ուղղութեամբ հայկական կազմակերպութիւններու ջանքերուն` այդ ամէնուն աւելցնելով իր առանձնայատուկ բաղադրիչը` տեղացի կամաւորներու պատրաստած տնական ուտեստները:

 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ գործակցութեամբ, ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակը առաջին ամսուան ընթացքին սննդամթերքով լի արկղներ տրամադրած 900 տարէց քաղաքացիի, որոնք Երեւանի, Էջմիածինի եւ Վանաձորի մէջ եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող բարեգործական ճաշարաններու այցելուներն են: Արկղներու պարունակութիւնը նախատեսուած է մէկ ամսուան համար, եւ կը ներառէ առաջին անհրաժեշտութեան սնունդ եւ մաքրութեան պարագաներ: Այս նախաձեռնութիւնը կը նախատեսուի շարունակել այնքան ժամանակ, քանի դեռ չեն մեղմուած համաճարակի բացասական հետեւանքները:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 10:48