Թայլանտի մէջ դիմակներով դուրս եկող քաղաքացիներ։ Թայլանտի մէջ դիմակներով դուրս եկող քաղաքացիներ։ 

Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներէն 670,000ը բուժուած են։

Վարակուածներու եւ մահերու վիճակագրութեան առաջին դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգները, յաջորդաբար՝ առաւել քան 800,000 եւ շուրջ 43,500 տուեալներով։ Ցարդ երկրին տարածքին ժահրը յայտնաբերելու միայն 4 միլիոն քննութիւններ կատարուած են։

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ»․- 21 Ապրիլին, աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցաւ 2․5 միլիոնի սահմանը: Բուժուած են առաւել քան 670,000 վարակուածներ եւ մահացած՝ աւելի քան 175,000 ուրիշներ։

Վարակուածներու եւ մահերու վիճակագրութեան առաջին դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգները, յաջորդաբար՝ առաւել քան 800,000 եւ շուրջ 43,500 տուեալներով։ Ցարդ երկրին տարածքին ժահրը յայտնաբերելու միայն 4 միլիոն քննութիւններ կատարուած են։

Ժահրը զսպելու ջանքեը լրջօրէն ուշացուցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուշադրութիւնը իր վրայէն շեղելու այլ քայլի մը դիմեց՝ յայտարարելով, որ պիտի արգիլէ բոլոր ներգաղթողներուն մուտքը․․․

Միւս կողմէ, ժահրին դէմ պայքարը առանց ամերիկեան աջակցութեան շարունակող Համաշխարհային Առողջապահութեան կազմակերպութիւնը զգուշացուց, որ տունէն դուրս գալու արգելքներէն պէտք է հրաժարիլ շատ դանդաղ կերպով, վարակին նոր բռնկումը կանխարգիլելու համար։

Նշենք, որ Երեքշաբթի օր, Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ մօտաւորապէս 84,800ի, որոնցմէ շուրջ 61,000ը ապաքինած են եւ մահացած են 5294 ուրիշներ։

Թուրքիոյ մէջ, 20 Ապրիլին, 123 զոհեր եւս արձանագրուեցան, իսկ վարակուածներուն թիւը հասաւ 90,980ի։ Հոն ցարդ մահացած են 2140 վարակուածներ։

Ռուսիոյ մէջ նախորդ 24 ժամերուն վարակման 5642 նոր պարագաներ արձանաագրուեցան, ընդհանուր թիւը հասցնելով 52,763ի: Երկրին մէջ ցարդ մահացած են 456 քաղաքացիներ։

Մինչ այդ, Քսանի խմբակի անդամ երկիրներու առողջապահութեան նախարարները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ համաճարակը համաշխարհային առողջապահութեան համակարգին մէջ տկար կէտեր բացայայտեց։ Նախարարները նաեւ քննարկեցին գիտելիքներու բաժնեկցութեան, սարքերու բացերը փակելով՝ համաճարակներէն պաշտպանուելու համար կանխարգիլման կարողութեան ճամբով համաշխարհային առողջապահութեան համակարգի մակարդակի բարձրացման կարեւորութիւնը:

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2020, 09:30