ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 

24 Ապրիլի, 8 եւ 9 Մայիսի ձեռնարկներուն պիտի սահմանափակուի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը

Ապրիլի 24ին, Մայիսի 8ին եւ 9ին տեղի կ’ունենան միայն արարողակարգային միջոցառումներ, զանգուածային միջոցառումներ չեն լինի», տեղեկացուց Փաշինեան:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի, Շուշիի ազատագրութեան եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին տարուած յաղթանակի օրերուն տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն՝ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու քայլերու ծիրին մէջ, պիտի սահմանափակուի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջի ուղիղ եթերով յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս միջոցառումներին քաղաքացիների մասնակցութիւնը պէտք է սահմանափակուի: Եթէ մենք թոյլ տանք, որ մասնակցութիւնը լինի սովորական ընթացակարգով, ապա կ’ունենանք կորոնավիրուսի համավարակի անվերահսկելի բռնկում: Ապրիլի 24ին, Մայիսի 8ին եւ 9ին տեղի կ’ունենան միայն արարողակարգային միջոցառումներ, զանգուածային միջոցառումներ չեն լինի», տեղեկացուց Փաշինեան:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 07:25