Աղթամարի Կղզին Աղթամարի Կղզին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ.։ Համաճարակային Ժահրը չքացաւ, իսկ ցեղասպանուած ազգը՝ ողջացաւ։

Հայու դէմքին վրայ կ՛արեւէ ժպիտը ուրախութեան եւ անոր սրտին մէջ վառ է յոյսը կենդանութեան: Սակայն հայրերուն զգացած տարտն ու ցաւը անմոռաց պահուած է մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ, սպասելով արդարութեան

Տարիներ առաջ մեր ազգի դժբախտ զաւակներուն կիսամեռ եւ քարշ տրուող խլեակներուն պատկերները անապատներուն մէջ, 1915 թուականի Ապրիլի 24էն սկսեալ եւ յետոյ, քանի մը տասնեակ գազանաբարոյ ասկեարներու հսկողութեամբ: Հարիւրաւոր տարիներ իրենց սեփական, պապենական հողին վրայ ապրելէ ետք, յանկարծ անոնց պարտադրուեցաւ աքսորականի ցուպը առնել եւ հեռանալ իրենց հայրենի գիւղերէն գաւառներէն ու շէն քաղաքներէն, քաշկռտուքի, ծեծի, նախատինքի, առեւանգման, բռնաբարման, լլկանքի, կտտանքի, նուաստացման,  սպանութեան, աներեւակայելի ու անմարդկային պայմաններու մէջ։

Այս պատկերներուն մէջ, որոնք մեծաւ մասամբ լուսանկարուած են գերմանական բանակին մէջ ծառայողներու կողմէ, անօթութենէն կմախքացած հայորդիներու լուսանկարներէն զատ, կան նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններու բերմամբ մահացած եւ ճամբաներու եզրին նեխած դիակներու պատկերներ, որոնց կարելի է նայիլ միայն տամկացած աչքերով:

Մեր երազի հայրենիքէն՝ Արեւմտահայաստանէն աքսորուած աւագ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք ցմրուր ըմպեր էին Երիտթուրքերու տմարդիութեամբ պատրաստուած դառնութեան բաժակը, եւ իրենց մորթին վրայ զգացեր տեղահանութեան ցաւն ու արեւակէզ անապատներու մէջ ողջակիզուելու ողբերգութիւնը, աւազաշէն տաճարի արիւնոտ բագինին վրայ, մեզի՝ նոր սերունդի զաւակներուս չէին արտօներ որ նոյնիսկ վարակիչ հիւանդութիւններու անունները արտասանէինք…: Տիֆ, Քօլերա, Մալարիա, ոջլոտութիւն եւ նման համավարակներու անուններուն արտաբերումն իսկ մեր շրթներէն՝ խստօրէն կ՛արգիլուէր անոնց կողմէ:

Այն վախը համաշխարհային ժահրով վարակահարման, որուն մէջէն այսօր կ՛անցնինք ամէնքս եւ որ կը զբաղեցնէ համայն մարդկութեան առօրեան ու սարսափով կը լեցնէ անոր սիրտն ու հոգին, մեր ցեղասպանուած մեծ ծնողները վաղո՜ւց զգացեր էին իրենց աքսորականի թշուառ տարիներու ընթացքին: Նոյն վախը պատճառ կ՛ըլլար, որ անոնք չթողէին համավարակային ժահրերու անուններուն արտասանումը իրենց յաջորդող նոր սերունդի զաւակներուն կողմէ: Համաճարակներ՝ որոնք տարագրութեան օրերուն հազարաւոր կեանքեր հնձեր էին գաղթականութեան շարքերուն մէջէն:

Լպիրշ Երիտթուրքերու թուքով իրենց պապենական հողերէն շպրտուած զաւակները մեր ազգի, Թալէաթի, Ճեմալի, Էնվէրի եւ Պեհաէտին Շաքիրի դիւային ծրագրումով եւ գործադրութեամբ ջարդուեցան Տէր Զօրի անմարդաբնակ անապատներուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին: Հայուն համար մթագնեց երկինքը, ուրախութեան բոլոր նշոյլները անհետ կորսնցնելով, սակայն վերստին փայլեցաւ արեգակը հայու գլխուն վերեւ: Համայնակուլ համավարակներն ու բոլոր հիւանդութիւնները չքացան, երբ ցեղասպանուածը տուն ու տեղ գտաւ հիւրընկալ երկինքներու տակ: Աքսորականի ցնցոտին իր վրայէն հանելով, ուրախութեան պատմուճան հագաւ հայը: Անհատապէս մոռցաւ ան իր ցաւը, առողջ ու առոյգ մեծցնելու համար իրեն յաջորդող սերունդները: Ուրախացաւ եւ ուրախացուց ան բոլորը, կազմաւորելով կրթուած զաւակներ, այսպիսով իր վրէժը լուծելով ճիւաղ ցեղասպանէն:

Աշխարհը ծարաւի է ուրախութեան: Ժողովրդական իմաստութիւնը կ’ըսէ. «Դաշտին մէջ պատահական քար մը երբ վերցնես, անոր տակը տարտ կը յայտնաբերես»: Ցաւի, վիշտի, բազմատեսակ համաճարակներու եւ անօթութեան բովէն անցած ցեղասպանուած ազգը ողջնցաւ, իր դժբախտութեան առաջին հարիւրամեակը յանձնելով պատմութեան:

Հայու դէմքին վրայ կ՛արեւէ ժպիտը ուրախութեան եւ անոր սրտին մէջ վառ է յոյսը կենդանութեան: Սակայն հայրերուն զգացած տարտն ու ցաւը անմոռաց պահուած է մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ, սպասելով արդարութեան: Արդարութիւնը միայն արդար մարդոց եւ արդար ազգերու ուսերուն վայելող վերարկու է: Ատիկա այնպիսի շրջազգեստ է, որուն նորաձեւութիւնը ժամանակավրէպ չի՛ դառնար: Արդարութիւնը ճշմարտութիւն կը ծնի, իսկ ճշնարտութիւնը՝ փրկութիւն կը բերէ:

Ազգային մեր բազմաթիւ պարտականութիւններուն կողքին, Ապրիլեան մեր սրբացեալ Նահատակներու կտակին ջահակիրները ըլլալու պարտաւորութիւնն ունինք մենք հաւաքաբար, ո՛ւր որ ալ ըլլանք եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրինք: Անոնց սուրբ արիւնը բարձր գին ունի, որուն փոխարժէքը պիտի վճարէ ցեղասպանը ուշ կամ կանուխ: Սակայն մեր պարտաւորութիւնն է՝ երեք սրբութիւններու նկատմամբ սիրոյ տարածիչները հանդիսանալ, թէ՛ մեր գործով եւ թէ՛ սեփական կեանքին օրինակով:

Բարեբախտութիւն է մեր լեզուի պարագային, որ «վարակել» բայը ունի նաեւ իր դրական գործածութիւնը, նայած ենթակային կողմէ արտայայտուած մտածումի իմաստին: Ուրեմն, ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մեր սիրտն ու միտքը ողողուած են վերոյիշեալ բառին բացասական բազմապիսի գործածութիւններով, մենք պարտաւոր ենք մեր ժողովրդային իմաստութեան դիմելու դարձեալ՝ ամէն չարիքի մէջ բարին յայտնաբերելու համար:

Ուստի՝

ա) Մենք մեր ունեցած հաւատքով պիտի վարակենք մեր հաւատակից եղբայրներն ու քոյրերը,  քրիստոնէական անխախտ ու խոր հաւատքով նայելու դժուարութիւններէ հաւաքաբար դուրս գալու վառ յոյսին:

բ) Մենք մեր ունեցած սիրով պիտի վարակենք մեր ազգակիցները՝ սիրելու մեր մայրենի եկեղեցին՝ հէնքը մեր մշակոյթին, ուր միշտ ապահովութիւն գտած ենք ու հոգեպէս խաղաղած:

Եւ վերջապէս՝

գ) Մենք մեր ունեցած կամքով պիտի վարակենք մեր հայրենակիցները՝ պահանջատիրական աննահանջ պայքարի ոգիով մարտնչելու, մինչեւ մեր բռնաբարուած արդար իրաւունքներուն ձեռքբերումը եւ մեր երազի Հայրենիքին վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ ազգին:

Այո՛, համավարակային բոլոր ժահրերը չքացան, եւ ցեղասպանուածները ողջնցան: Այս համավարակային ժահրը եւս պիտի անհետանայ ու մեր ազգը պիտի գոյատեւէ ի Հայաստան եւ ի պանդխտութիւն:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2020, 07:58