«Քորոնա» ժահրի համաճարակը երկարատեւ պայքար «Քորոնա» ժահրի համաճարակը երկարատեւ պայքար 

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին մասին. «Ասիկա երկարատեւ պայքար է»։

Առողջապահութեան միջազգային գործակալութիւնը չ’ակնկալեր, որ որեւէ երկիր անվտանգ պիտի ըլլայ եւ զերծ մնայ «Քորոնա» ժահրէն, որովհետեւ, ի վերջոյ, անիկա պիտի տարածուի ամէնուր։

Կանուխ է յայտարարել, որ «Քորոնա» ժահրին համաճարակը Ասիոյ շրջանին մէջ աւարտած է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այսպիսի կարծիք յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Արեւմտախաղաղովկիանոսեան շրջանի տնօրէն Թաքեշի Քասայի:

«Նոյնիսկ այն պարագային, երբ ժահրի տարածման զսպման ուղղուած քայլերը կը շարունակուին, շրջանին մէջ վարակի փոխանցման վտանգը պիտի չվերանայ, որովհետեւ համաճարակը կը շարունակէ ընդլայնել իր աշխարհագրական դիրքերը», յայտնած է Քասայի:

«Թոյլ տուէք յստակութիւն մտցնել: Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ համաճարակը կարելի չէ աւարտած նկատել: Ասիկա երկարաժամկէտ պայքար է, եւ մենք չենք կրնար թուլցնել մեր զգօնութիւնը», ըսած է Քասայի:

Ան զգուշացուցած է, որ այն երկիրները, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներու նուազում կը նկատուի, պէտք չէ թուլացնեն իրենց զգօնութիւնը, այլապէս «ժահրը կրնայ վերադառնալ»:

«Առողջապահութեան միջազգային գործակալութիւնը չ’ակնկալեր, որ որեւէ երկիր անվտանգ պիտի ըլլայ եւ զերծ մնայ «Քորոնա» ժահրէն, որովհետեւ, ի վերջոյ, անիկա պիտի տարածուի ամէնուր», յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան թեքնիք հարցերով խորհրդական Մեթիու Կրիֆիթ:

Քաղուած Ազդակ էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 11:07