1․5 միլիոն կարիքաւորներ կերակրելու արշաւ 1․5 միլիոն կարիքաւորներ կերակրելու արշաւ  

1․5 միլիոն կարիքաւորներ կերակրելու արշաւ՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն

Գիտակցելով «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով նման կարիքաւորներու թիւին հսկայական աճը եւ Ցեղասպանութեան օրերուն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կողմէ հայութեան հասցուած նպաստները, այս արշաւը շատ լաւ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Միացեալ Նահանգներուն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով ի մի եկած գաղութային կազմակերպութիւնները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը (UACLA), Միացեալ հայ երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը (AGC), նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին պարտադրած սահմանափակումները, որոշած են մինչեւ Ապրիլ 24 իրականացնել դրամահաւք մը, օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար 1․5 միլիոն կարքաւորներու։

Արդարեւ, Ապրիլ 24ին տեղի պիտի չունենան Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար ծրագրուած միջոցառումները՝ դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը ուխտագնացութիւնը եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, Արդարութեան քայլարշաւը՝ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ եւ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան առջեւ բողոքի ցոյցը, որոնց փոխարէն, առաւօտեան ժամը 10էն սկեալ պիտի իրականացուի ոգեկոչման  առցանց յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան պետական պաշտօնատարներ եւ համայքային ու կրօնական առաջնորդներ։ Պիտի սփռուի նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութիւն եւ վնասուց հատուցում պահանջելուն նուիրուած քննարկումներ եւ այլ ներկայացումներ։

Նշեալներուն կողքին, արդէն իսկ ընթացքի մէջ է Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն զոհերուն յիշատակին կազմակերպուած դրամահաւաքը, նոյն թիւով կարիքաւորներու ուտեստեղէն ապահովելու նպատակով։ Գիտակցելով «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով նման կարիքաւորներու թիւին հսկայական աճը եւ Ցեղասպանութեան օրերուն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կողմէ հայութեան հասցուած նպաստները, այս արշաւը շատ լաւ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Միացեալ Նահանգներուն։

Ուտեստեղէնը կարիքաւորներուն պիտի հասնի «Feeding America» կազմակերպութեան միջոցաւ։

Արշաւին մասնակցելու hամար այցելել www.1915neveragain.org/donate կամ www.facebook.com/donate/2535657589979667/2535726833306076/ կայքէջերը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2020, 08:37