Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան եւ Իսրայէլի նախագահ Ռէոււէն Ռիւլին Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան եւ Իսրայէլի նախագահ Ռէոււէն Ռիւլին 

Իսրայէլի Նախագահը Զատիկի տօնին առիթով շնորհաւորած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը։

Ապրիլ 13-ին, իսրայէլական կողմի նախաձեռնութեամբ` հեռախօսազրուց տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մեծարգոյ նախագահ, պարոն Ռէոււէն Ռիւլինի եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի միջեւ։

Իսրայէլական կողմի նախաձեռնութեամբ` Իսրայէլի նախագահ Ռէոււէն Ռիւլին հեռախօսազրոյց ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ եւ շնորհաւորած Սուրբ Յարութեան տօնը: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Երուսաղէմի հայոց  պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան:

Ունկնդրէ լուրը

«Ապրիլ 13-ին, իսրայէլական կողմի նախաձեռնութեամբ` հեռախօսազրուց տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մեծարգոյ նախագահ, պարոն Ռէոււէն Ռիւլինի եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի միջեւ: Հեռախօսազրոյցի ընթացքին պարոն Ռիւլին շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազանը՝ Զատիկի տօնին առիթով եւ նաեւ քննարկեց Իրաւատէր երեք համայնքներու կողմէ իրեն ուղղուած Սուրբ Յարութեան տաճարը բանալու եւ Աւագ Շաբաթուան արարողութիւններուն վերաբերող հարցեր»,– գրած է Պաղտասարեան:

Քաղուած Եռագոյնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2020, 07:50