Հ.Օ.Մ Հ.Օ.Մ 

1500 եւրօ՝ Հայաստանի եւ Արցախի բժշկական կարիքներուն. յայտարարութիւն։

Հայ Գ­թու­թեան ­­­Խա­չը մե­ծա­պէս շնոր­հա­կալ է նո­ւի­րա­տու­նե­րուն ո­րոնք, մա­նա­ւանդ բո­լո­րիս հա­մար այս կեն­սա­կան օ­րե­րուն, կը վստա­հին Հ.Օ.Մ.ին եւ կ­­՚օ­ժան­դա­կե­ն­ ա­նոր ազ­գան­պաստ նա­խա­ձեռ­նու­թեան:

Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նօթ է, ­­Հայ Օգ­նու­թեան ­­­Միու­թիւ­նը (Հ.Օ.Մ.) հիմ­նեց ­­­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­­­Տագ­նա­պի Շ­տապ Օգ­նու­թեան ֆոն­տը, ­­Քո­րո­նա ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կը եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած տագ­նա­պը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար հայ­րե­նի­քին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու նպա­տա­կով։ 

Այս նպա­տա­կի ի­րա­գործ­ման հա­մար ­­Միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը դի­մե­ց­ աշ­խար­հաս­փիւռ իր միա­ւոր­նե­րուն եւ հա­մա­կիր­նե­րուն: Սոյն կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով, ­­­Հայ ­Գ­թու­թեան ­­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը 1.500 եւ­րօ փո­խան­ցեց վե­րոն­շեալ ֆոն­տին: ­ 

Հա­մա­ճա­րա­կի տագ­նա­պի դժո­ւար այս օ­րե­րուն, գու­մա­րը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի բժշկա­կան սար­քե­րու եւ նիւ­թա­կան այլ մի­ջոց­նե­րու ճամ­բով ­­­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի բժշկա­կան կա­րիք­նե­րուն։

Հայ Գ­թու­թեան ­­­Խա­չը մե­ծա­պէս շնոր­հա­կալ է նո­ւի­րա­տու­նե­րուն ո­րոնք, մա­նա­ւանդ բո­լո­րիս հա­մար այս կեն­սա­կան օ­րե­րուն, կը վստա­հին Հ.Օ.Մ.ին եւ կ­­՚օ­ժան­դա­կե­ն­ ա­նոր ազ­գան­պաստ նա­խա­ձեռ­նու­թեան:

Հ.Գ.­­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2020, 11:05