«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքար «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքար 

ՄԱԿ-ը 15 միլիոն տոլար յատկացուցած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին

Այս քայլը յաջորդած է ԱՀԿ-ի որոշման՝ բարձրացնելու «քորոնա» ժահրի բռնկման համաշխարհային սպառնալիքը «շատ բարձր» աստիճանի, որ ամենաբարձր մակարդակն է:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի՝ մարդասիրական հարցերով տեղակալ Մարք Լոուքոքը, ՄԱԿ-ի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման կեդրոնական հիմնադրամէն 15 միլիոն տոլար յատկացուցած է «քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարին: Այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը:

«Այսօր ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով բաժնի ղեկավար Մարք Լոուքոքը 15 միլիոն տոլար յատկացուցած է՝ COVID-19 ժահրի կանխարգիլման ուղղուած համաշխարհային ջանքերու ֆինանսաւորման օգնելու համար»,- ըսուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Այս քայլը յաջորդած է ԱՀԿ-ի որոշման՝ բարձրացնելու «քորոնա» ժահրի բռնկման համաշխարհային սպառնալիքը «շատ բարձր» աստիճանի, որ ամենաբարձր մակարդակն է:

Կը նշուի, որ ՄԱԿ-ի միջոցները փոխանցուած են ԱՀԿ-ին եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին:

Չինաստանի իշխանութիւնները նոր տեսակի «քորոնա» ժահրի բռնկման մասին ԱՀԿ-ին տեղեակ պահած են Դեկտեմբեր 31-ին: Չինաստանի մէջ վարակակիրներու թիւը գերազանցած է 78,000-ը, մահացած է 2870 մարդ, բուժուած՝ 41,600: Ժահրով վարակման դէպքեր արձանագրուած են աւելի քան 50 երկրի մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2020, 08:59