Հռոմի ճամբաները ամայի Հռոմի ճամբաները ամայի 

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրին զոհերուն թիւը 4000ի սահմանը անցաւ:

Իտալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 10,000ի սահմանը անցած է, իսկ զոհերուն թիւը՝ հասած է 631ի։

ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- 10 Մարտի տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրին զոհերուն թիւը 4000ի սահմանը անցաւ, իսկ վարակուածներուն թիւը կը հասնի 115,000ի։

Ունկնդրէ լուրը

Չինաստանի Ուհան նահանգին մէջ, ուրկէ սկսած է տարածումը, 14 ժամանակաւոր հիւանդանոցներէն 11ը արդէն փակուած է ապաքինած հիւանդներուն դուրս գալուն պատճառով, մինչ շրջանը այցելած Չինաստանի նախագահ Շի Ճինթինկ յայտնեց, որ ժահրին դէմ պայքարին մէջ յաղթանակը մօտ է։ Նշենք, որ Երեքշաբթի օր վարակման միայն 19 նոր պարագաներ արձանագրուեցան Չինաստանի մէջ։

Իտալիոյ մէջ, իշխանութիւնները ամբողջ երկրին վրայ տարածեցին նախապէս միայն հիւսիսային շրջաններուն համար յայտարարուած շրջագայելու արգելքը՝ քաղաքացիներէն պահանջելով, որ մինչեւ 3 Ապրիլ միայն գործի երթալու կամ հիմնաւորուած պատճառներով դուրս գան իրենց բնակարաններէն։ Հոն վարակուածներուն թիւը 10,000ի սահմանը անցած է, իսկ զոհերուն թիւը՝ հասած է 631ի։

Եւրոպայի մէջ վարակուածներուն թիւը տակաւին կը մեծնայ եւ Իտալիայէն ետք, ամէնէն արագ տարածումը Ֆրանսայի մէջ է։ Հոն Արձանագրուած են մօտաւորապէս 1500 վարակման դէպքեր եւ մահացած են 30 անձեր: Բրիտանիոյ մէջ եւս 6րդ զոհը արձանագրուեցաւ։

Իրան եւս Երեքշաբթի օր 54 նոր մահերու մասին հաղորդեց, ինչ որ ցարդ երկրին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած ամէնէն բարձր թիւն էր։

Միացեալ Նահանգներու տարածքին ցարդ 26 զոհ արձանագրուած է, մինչ Ալպանիոյ, Կիպրոսի եւ Մոլտովայի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին պարագաները, իսկ Գերմանիոյ եւ Լիբանանի մէջ՝ առաջին մահերը:

Այժմ ժահրը տարածուած է առաւել քան 100 երկիրներու մէջ, իսկ անկէ ցարդ ապաքինած են մօտաւորապէս 60,000 անձեր:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2020, 08:32