Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան պարտականութիւնն է անմիջապէս պատժել Լիբանանեան դրամանիշին արժէքին հետ խաղցողները»

Lիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է միասնականութեամբ գործեն` փրկելու համար Լիբանանը, որ տնտեսական ու ելեւմտական սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ եւ որուն վարկին հանդէպ տարբեր պետութիւններուն կողմէ անվստահութիւն սկսած է նշմարուիլ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` շեշտելով, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ներքին միասնականութեան կերտումին:

Ունկնդրէ լուրը

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է միասնականութեամբ գործեն` փրկելու համար Լիբանանը, որ տնտեսական ու ելեւմտական սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ եւ որուն վարկին հանդէպ տարբեր պետութիւններուն կողմէ անվստահութիւն սկսած է նշմարուիլ:

«Լիբանանի հանդէպ նուիրումը ամէն բանէ վեր պէտք է ըլլայ: Ո՛վ որ Լիբանանին չարիք կը փորձէ հասցնել, ինքն իրեն չարիք կը հասցնէ: Իսկ ո՛վ որ անոր արժանապատուութիւնը կը փորձէ հարուածել, ինքն իր արժանապատուութիւնը վարկաբեկած կ՛ըլլայ», ընդգծեց Ռայի պատրիարք:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի տարբեր մարզերուն մէջ կառուցային բարեկարգումներ իրականացնելու` սկսելով ելեկտրականութեան մարզէն, հասնելով մինչեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը, վարչական տնօրինումներու բարեկարգումը, քաղաքական միջամտութիւններէ հեռու դատական իշխանութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական ազատ վարչակարգը, որուն գլխաւոր բաժինը կը կազմէ երկրին դրամատնային մարզը, եւ որուն մէջ լիբանանցիները կը պահեն իրենց ամբողջ կեանքին աշխատանքը, Լիբանանի հիմնասիւներէն մէկը կը նկատուի: «Այդ հիմնասիւնը հիմնադրուած է Էլիաս Հուայէք պատրիարքին օրով, մէկ դար առաջ, հետեւաբար պէտք է զգուշանալ այդ վարչակարգը թիրախ դարձնելէ: Պէտք է զգուշանալ նաեւ այդ վարչակարգին դէմ յարձակում գործելէ, որովհետեւ անիկա Լիբանանի ապագային կը սպառնայ: Կառավարութեան պարտականութիւնն է տիրող կացութեան դրդապատճառները լուծել, ինչպէս նաեւ անմիջապէս պատժել լիբանանեան դրամանիշի արժէքին հետ խաղցողները: Զգո՛ւշ Լիբանանի ճակատագիրին հետ խաղալու փորձերէն, որովհետեւ մենք պիտի չարտօնենք, որ Լիբանանը փուլ գայ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան հաստատեց, որ ազատ տնտեսութիւնը Լիբանանի սահմանադրութեան էութիւնը կը կազմէ` աւելցնելով, որ մարոնի եկեղեցին կը փափաքի զայն տեսնել նաեւ իր ընկերային խորքով, որուն շնորհիւ կ՛ապահովուին արդարութիւնը, համագործակցութիւնը, մարդու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2020, 08:23