Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէն ԹԷտրսո Ատհանոմ Կէպրէյեզուս Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէն ԹԷտրսո Ատհանոմ Կէպրէյեզուս 

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Քորոնա ժահրը յայտարարեց համաշխարհային համաճարակ։

Կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը կոչ ըրաւ կառավարութիւններուն աւելի համակարգուած եւ արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկել սեփական քաղաքացիներու առողջութիւնը պահպանելու համար:
Ունկնդրէ լուրը

ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը 11 Մարտին յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրը համաճարակ դարձած է աշխրահի տարածքին, մինչ նոյն օրը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ, վարակումներու թիւը աճ արձանագրեց, միայն Իտալիոյ մէջ անցնելով 10,000ի սահմանը։

Միացեալ Նահանգներու տարածքին, վարակուած անձերուն թիւը 1000էն աւելի է, իսկ զոհերուն թիւը 30ի սահմանը անցաւ։ Շարք մը համալսարաններ արդէն իսկ անցած են համացանցային դասաւադման ընտրանքին, իսկ բազմաթիւ համերգներ, մարզական խաղեր եւ փառատօներ յետաձգուած կամ ջնջուած են, տարածումը զսպելու յոյսով։

Աշխարհի տարածքին վարակման դէպքերը հասան մօտաւորապէս 120,000ի, իսկ զօհերուն թիւը՝ 4200ի։

Վարակման առաջին դէպերը արձանագրուեցան նաեւ Իրլանտայի, Պելճիքայի եւ Թուքրիոյ մէջ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2020, 08:24