Դասախօսութենէն առնուած լուսանկար Դասախօսութենէն առնուած լուսանկար 

«Հայկական մշակոյթի եւ անոր պահպանման ու շարունակականութեան հիմքերու վրայով» թեմայով դասախօսութիւն Լոնտոնի մէջ:

Դասախօսն էր՝Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղարը։

Կազմակերպութեամբ Լոնտոնի Համազգայինի Կրթական եւ Մշակութային Միութեան՝հանրային դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան կեդրոնի  սրահին մէջ՝Լոնտոն՝«Հայկական Մշակութի եւ անոր պահպանման եւ շարունակականութեան հիմքերու վրայով»։ Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 28, Փետրուարի 2020 ին։ Դասախօսն էր՝Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղարը։

Ունկնդրէ լուրը

Համազգային Մշակութային Միութեան ատենապետ՝Պրն. Հրաչ Պօղոսեան՝ կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց օրուայ դասախօսը։ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ մօտաւորապէս մէկ ժամուայ տեւողութեանը մէջ՝ներկայացուց նախ՝մշակոյթ հասկացողութիւն-բացատրութիւնը հաւաքական կեանքի նշանակութեանը համար՝եւ անոր մէջէն ընդգծեց «Ամբողջական Մշակոյթ» հասկացողութիւնը՝որուն միչոցաւ «իւրաքանչիւր անհատ կը դառնայ մշակութային էակ» ինչպէս ըսաւ ան։ Եւ որպէս մշակութային էակ՝զինուած այդ մշակութային ամբողջական արժէքներով՝մարդը եւ հաւաքականութիւնը կը գծէ իր կեանքի ճամբան՝եւ կրնայ դիրքորոշուիլ նոյն այդ արժէքներով աշխարհի նկատմամբ։ Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադառձաւ ցեղասպանութեան իրականութեանը՝եւ թէ ինչպէս հայը արմատախիլ ըլլալով իր հողէն՝նաեւ կորսնցուց իր «ամբողջական մշակութային» ժառանգը՝բայց եւ որ նոյն հայը վերակերտեց այդ բոլորը իր «յուշերէն»՝ որ իր հետ բերած էր իր հողէն՝ բայց այս անգամ սփիւռքի իրականութեանը մէջ։

Դոկտ. Ճէպէճեան ապա խօսեցաւ ափիւռքահայ իրականութիւններու վրայ՝եւ թէ ինչքան սփիւռքահայ գաղութներ իրարմէ «տարբեր» են՝բայց «օտար» չեն։ Ան շատ մը օրինակներով խօսեցաւ իր ապրած փոռձարութիւնները տարբեր սփիւռքահայ գաղութներու այցելութիւններու մէջէն՝վեր առնելով շատ մը հիմնահարցեր՝ինչպէս Արեւմտահայերէնի վտանգուած վիճակը՝ուր Մայրենիի գործածութիւնը զգալիօրէն կը նահանջէ։ Ան նաեւ խօսեցաւ ազգային ինքնութեան եւ անոր ինքնագիտակցութեանը՝եւ թէ ինչպէս հայրենիքը՝Հայաստանը՝այսօր՝մեծ ներդրում ունի սփիւռքահայուն ազգային ինքնութեանը եւ անոր մշակութային արժէքներու ինքնագիտակցութեանը։

Դոկտ. Ճէպէճեան քաջալերեց որ Հայը պէտք չէ յուսահատի պայքարելէ իր մշակութային ինքնութեանը եւ անոր պահպանմանը համար։  «Մեր համազգային պահանջատիրութիւնը ունի երկու ճակատ՝արտաքին եւ ներքին» ըսաւ ան։ «Եթէ ցեղասպանութիւնը արտաքին աշխարհին ու բեմահարթակներու վրայ պիտի պահանջենք՝ապա անհրաժեշտ է որ ներքին՝ ներ-հայկական իմաստով՝մեր ազգային ու մշակութային արժէքները պէտք է ամուր պահել» ըսաւ ան։  Եւ այս իմաստով՝«անհրաժեշտ է հպարտութիւն եւ դրական ուժ սրսկել մեր մշակութային արժէքներու նկատմամբ եւ սփիւռքահայ իրականութիւններու մէջ» եզրաբակեց ան։

Դասախօսութենէ ետք՝տեղի ունեցաւ խորհրդածութիւն եւ միտքերու ու կարծիքներու փոխանակում։ Նմանօրինակ ձեռնարկներ անհրաժեշտ կը նկատուին՝նախ ինքնաքննութեան համար որպէս հայեր՝բայց նաեւ արծարծելու տարբեր տեսակէտներ եւ երեւոյթներ հայկական մշակութային եւ ազգային կեանքի շարունակականութեան ի խնդիր։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2020, 08:40