Ժահրի քննութիւն Ժահրի քննութիւն 

Համաշխարհային դրամատունը 12 միլիառ տոլար շտապ օգնութիւն պիտի յատկացնէ Քորոնա Ժահրի դէմ պայքարին:

Կազմակերպութենէն պարզաբանած են, որ միջոցները պիտի օգտագործուին «առողջապահութեան համակարգերու ամրապնդման գործին մէջ,

Համաշխարհային դրամատունը ոոշում ընդունած է 12 միլիառ տոլար անյետաձգելի օգնութիւն յատկացնել նոր Քորոնա ժահրի դէմ պայքարին:

Այդ մասին ըսուած Է դրամատան Մարտ 3-ին տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

«Քանի որ COVID-19-ը ընդգրկած Է աւելի քան 60 երկիր, Համաշխարհային դրամատունը պիտի ապահովէ մինչեւ 12 միլիառ տոլարի չափով սկզբնական փաթեթէն օգտուելու հնարաւորութիւն` որպէս անյետաձգելի օգնութիւն հիւանդութեան համաշխարհային բռնկման բժշկական ու տնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման գործին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:- Այդ ֆինասնաւորումը կոչուած Է օգնելու անդամ պետութիւններուն` արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու COVID-19-ի ողբերգական հետեւանքներուն հակազդելու համար»:

Կազմակերպութենէն պարզաբանած են, որ միջոցները պիտի օգտագործուին «առողջապահութեան համակարգերու ամրապնդման գործին մէջ, ինչպէս` բժշկական ծառայութիւններէն օգտուելու հնարաւորութիւններու ընդլայնման հարցով զարգացող երկիրներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար»:Ըստ ԹԱՍՍ-ի՝ խօսքը կը վերաբերի ֆինանսական փաթեթի, որ ցած ու միջին եկամուտներ ունեցող պետութիւններուն պիտի ապահովէ դրամաշնորհներով եւ ցած տոկոսով վարկերով։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2020, 09:00