«Ամազոն» «Ամազոն» 

Աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդիկը տարեսկիզբէն ի վեր գրեթէ 1 եռիլիոն տոլար կորսնցուցած են։

«12 մարտին, աշխարհի 500 ամէնէն հարուստ մարդիկ կորսնցուցած էին 331 միլիառ տոլար, ինչ որ մեծագոյն միօրեայ անկումը դարձած է «Պլումպըրկ Պիլիըներզ Ինտեքս»-ի ամբողջ ութամեայ պատմութեան ընթացքին:

Աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոց կարողութիւնը «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան գնահատականով, 2020 թուականի սկիզբէն ի վեր միագումար կրճատուած է գրեթէ 1 եռիլիոն տոլարով:

«12 մարտին, աշխարհի 500 ամէնէն հարուստ մարդիկ կորսնցուցած էին 331 միլիառ տոլար, ինչ որ մեծագոյն միօրեայ անկումը դարձած է «Պլումպըրկ Պիլիըներզ Ինտեքս»-ի ամբողջ ութամեայ պատմութեան ընթացքին: Անիկա յանգեցուցած է 950 միլիառ տոլար տարեկան ընդհանուր վնասի», կը նշէ լրատու գործակալութիւնը:

Այսպիսով, տարուան սկիզբէն աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդիկ կորսնցուցած են միագումար սեփական դրամագլուխի 16 առ հարիւրը: Այսպէս, ֆրանսական «Էլ.Վէ.Էմ.Աշ.»-ի ղեկավար Պեռնար Առնոն կորսնցուցած է 9,5 միլիառ տոլար, իսկ «Ամազոն»-ի ղեկավար Ճեֆ Պեզոսի դրամագլուխը նուազած է 8,1 միլիառ տոլարով:

Քաղուած Ազդակ էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2020, 12:41