Կառավարութեան նիստ Կառավարութեան նիստ 

Կառավարութիւնը 150 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ տնտեսութեան:

Փաշինեան աւելցուց, որ 30 միլիառ. դրամի ծրար պիտի պատրաստեն ընկերային հրատապ աջակցութեան համար, իսկ 80 միլիառ դրամի ծրար այն կազմակերպութիւններուն համար, որոնք կը զբաղին Հայաստանը նոր աշխարհին պատրաստելու ուղղութեամբ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Հայաստանի կառավարութիւնը շուտով 150 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ տնտեսութեան։ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մեր տնտեսութեանը պէտք է աջակցենք: Առաջիկայում կառավարութիւնն առնուազն 150 մլրդ. դրամի աջակցութիւն կը ցուցաբերի տնտեսութեանը: Մենք փաթեթ ենք պատրաստել, որը մի քանի օրուայ մէջ գործնականում հնարաւոր կը լինի կիրառել: Մենք 25 մլրդ. դրամ կը յատկացնենք այն ծրագրի համար, որ այն ընկերութիւնները, որոնք կը վերցնեն վարկ Հայաստանեան բանկերից դրամային արտայայտութեամբ իրենց աշխատակիցների աշխատավարձերը վճարելու եւ այլ հարցերի համար, կառավարութիւնն այդ վարկի 50 տոկոսը կը համաֆինանսաւորի 0 տոկոսով, իսկ բանկի հատուածի տոկոսը կը սուբսիդաւորի (նպաստի ձեւով կը տրուի-Խմբ.)», դիտել տուաւ ան։

Վարչապետը նշեց, որ կառավարութիւնը լուրջ խնդիր դրած է ինքնիր վրայ՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու նաեւ գիւղատնտեսութեան: «Խնդիր ենք դրել գիւղատնտեսական վարկերը սուբսիդաւորել այնքան, մինչեւ դառնայ 0 տոկոս», նշեց վարչապետը:

Փաշինեան աւելցուց, որ 30 միլիառ. դրամի ծրար պիտի պատրաստեն ընկերային հրատապ աջակցութեան համար, իսկ 80 միլիառ դրամի ծրար այն կազմակերպութիւններուն համար, որոնք կը զբաղին Հայաստանը նոր աշխարհին պատրաստելու ուղղութեամբ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2020, 06:42