Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը զօրակցին կառավարութեան եւ անոր համար ստեղծեն աշխատանքի յարմարաւէտ պայմաններ` առանց անոր դիմաց խոչընդոտներ յառաջացնելու:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Ունկնդրէ լուրը

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը կոչ ուղղեց քաղաքական պատասխանատուներուն եւ տնտեսագէտներուն ամէն մակարդակի վրայ աշխատելու` պահպանելու համար դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն, յատկապէս փոքր հաշիւ ունեցողներուն գումարները, որովհետեւ անոնք իրաւունք են:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մաղթեց, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական զարթօնքը շուտով կարելի ըլլայ ապահովել, ինչպէս նաեւ արտօնութիւն տրուի լիբանանցիներուն` ապահովելու անոնց բոլորին իրաւունքները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը զօրակցին կառավարութեան եւ անոր համար ստեղծեն աշխատանքի յարմարաւէտ պայմաններ` առանց անոր դիմաց խոչընդոտներ յառաջացնելու:

Խորհուրդը կարեւորութեամբ շեշտեց տեղեկատուական մարզին ընդմէջէն քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ արձանագրուած բանավէճերուն եւ ցեխարձակումներուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաւատացեալներէն խնդրեց, որ Ս. պատարագի մատուցման ընթացքին ողջոյնը փոխանցեն առանց իրարու դպչելու, իսկ հաղորդութիւնը ձեռքով առնեն, մինչեւ որ «Քորոնա» ժահրի այս մտահոգիչ երեւոյթը կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ պահել:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2020, 08:28