Քորոնա Ժահր Քորոնա Ժահր 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կը բարձրանայ. Հայաստանի կրթական բոլոր հաստատութիւնները փակ յայտարարուեցան։

Վարչապետը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ մնան հանդարտ եւ հետեւին առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն:

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի երեկոյեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ կ՛ընդհատէ արձակուրդը` տեղեկացնելով, որ կրթական համակարգը եւս պիտի դադրի աշխատանքէ: Ան յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած երկու այլ պարագաներ յայտնաբերուած են եւ անոնք Էջմիածինի քաղաքի բնակիչներ են:

Վարչապետը ըսաւ, որ 13 մարտին կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ խորհրդակցութեան, որուն լոյսին տակ որոշումներ պիտի տրուին: Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւի հաւաքներ եւս տեղի պիտի չունենան:

Վարչապետը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ մնան հանդարտ եւ հետեւին առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն:

Երէկ` 12 մարտին, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի նիստ: Փոխվարչապետը յայտնեց, որ օր մը առաջ «Քորոնա» ժահր կրող քանի մը պարագայ յայտնաբերուած է, իսկ անոնց հետ ուղղակի կապ ունեցած 57 անձեր մեկուսացուած են եւ հսկողութեան տակ պիտի մնան շուրջ 14 օր:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման նպատակով արտաքին ու ներքին քայլերուն վերաբերող հարցեր, վարակի տնտեսական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ իրավիճակի հաւանական զարգացումներու բեմագրութիւնները:  Որոշուեցաւ, որ կիրակի, 15 մարտին Իտալիայէն Հայաստան վերադարձող քաղաքացիները ենթարկուին 14-օրեայ մեկուսացման դրութեան:

Տիգրան Աւինեան յանձնարարեց բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական կառոյցներուն մէջ աւելի խստացնել բժշկական կանխարգելիչ ձեւերը:

Առողջապահութեան նախարարութեան յանձնարարուեցաւ արդարադատութեան նախարարութեան հետ միասին առաջարկել տարբերակներ տնային ինքնամեկուսացման դրութիւնը խախտողները պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ:

Աւելի ուշ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ներկայացուց Հայաստանի վիճակը, «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու կացութիւնը եւ որդեգրուած հակահամաճարակային խստագոյն ձեւերը` ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ, ի շահ զինուորներուն առողջական վիճակին եւ բարդութիւններէ խուսափելու համար, տակաւին կը շարունակուի կանխարգելիչ եւ հակահամաճարակային քայլերու որդեգրումը:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2020, 09:21